Որոնել

«Օգնէ մեզ Հայր փնտռելու Քեզ ու մեր եղբայրը» «Օգնէ մեզ Հայր փնտռելու Քեզ ու մեր եղբայրը» 

«Օգնէ մեզ Հայր փնտռելու Քեզ ու մեր եղբայրը» Ֆրանչիսկոս Պապին 8 օգոստոսի թուիթը։

«Անցողական բազմաթիւ այն բաներու մէջ որոնց համար կը տքնինք, օգնէ մեզ Հայր փնտռելու այն ինչ որ կը մնայ. Քու եւ եղբօր ներկայութիւնը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 8 օգոստոս 2019-ին, Քահանայապետական «@pontifex» թուիթըրեան կայքին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Անցողական բազմաթիւ այն բաներու մէջ որոնց համար կը տքնինք, օգնէ մեզ Հայր փնտռելու այն ինչ որ կը մնայ. Քու եւ եղբօր ներկայութիւնը»։ Սոյն խօսքերը  քաղուած են Նորին Սրբութեան անցեալ Մայիսին Ռումանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան առթիւ, Պուխարեսթի «Ժողովուրդներու Փրկութիւն» անուամբ Օրթոտոքսներու աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, համամիութենական բնոյթ ունեցող հանդիպումի ընթացքին արտասանած խօսքէն, որ կեդրոնացած էր Հայր մեր աղօթքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Քահանայապետը այդ առթիւ ակնարկով երկու եղբայրներ՝ Պետրոս եւ Անդրէաս առաքեալներուն «մարդոց ձկնորս» դառնալու կոչումին,  նշեց որ «այսօր մենք եւս կ՛ուզենք, միասին, Երկրին սրտին մէջ նետել «Հայր մեր աղօթքի» միասնական ուռկանները, որուն մէջ պարունակուած է մեր զաւակներու ինքնութիւնը ու այսօր յատկապէս եղբայրներու ինքնութիւնը, որոնք կ՛աղօթեն մէկը միւսին կողքին»։

«Օգնէ մեզ Տէր եղբայրը չի քննադատելու այլ զայն ընկալելու որպէս Քու զաւակդ։  Քեզմէ կը խնդրենք համախոհութիւնը զոր չի գիտցանք պահպանել երկրի վրայ, ու այդ կը խնդրենք հաւատքի մէջ բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու բարեխօսութեամբ, որոնք այժմ միասին կը բնակին Քու Երկնքիդ մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու կրկնելով Հայր մեր աղօթքի խօսքերը աղերս ուղղեց առ Ամենակալը.

«Մենք եւս կ՛ուզենք սրբացնել անունդ, զայն դնելով մեր բոլոր զբաղումներու կեդրոն։  Մենք կը սպասենք ու կը հայցենք Քու թագաւորութեանդ գալուստը, ու զայն  կը խնդրենք որովհետեւ ականատես ենք աշխարհի տրամաբանութեան որ կը մտի դրամի, շահերու եւ իշխանութեան ուժաբանութիւններու։ Օգնէ մեզ Հայր հաւատալու մեր արտասանած աղօթքին ու հրաժարելու իշխանութեան հանգստաւէտ ապահովութիւններէն, աշխարհի խաբուսիկ հրապուրանքներէ, ու մենք մեզ ինքնաբաւ նկատելու  կանխավարկածութիւնէն, ու երեւոյթները խնամելու կեղծաւորութենէ։

Թող ըլլայ քու կամքդ եւ ոչ թէ մերը. Մեզ օգնէ Հայր՝ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքներով Աւետարանը տանելու աշխարհի բոլոր անկիւններուն։

Տուր մեզի հանապազօրեայ հացը՝ Կեանքի հացը, որ մեզ սիրուած կը զգացնէ ու մեզ կը կշատցնէ ամէն տեսակ որբութենէ ու միակութենէ։

Հայր մինչ մեզի կը պարգեւէս առօրեայ հացը քեզմէ կը խնդրենք նաեւ յիշողութեան հացը, ու շնորհքը՝ ամրապնդելու մեր քրիստոնէական ինքնութեան միասնական արմատները։ Անհրաժեշտ արմատներ ժամանակահատուածի մը ընթացքին ուր մարդկութիւնը ու նոր սերունդները մասնաւորապէս, իրենք զիրենք արմատախիլ եղած կը զգան, ի տես հեղուկ իրավիճակներու, որոնք անկարող են հիմք դնել կեանքին։

Հացը որ կը հայցենք մեզ ներշնչէ ըլլալու հաղորդութեան համբերատար մշակներ, որոնք չեն յոգնիր միութեան սերմերուն ծիլ տալու, խմորեցնելու բարին, ու միշտ գործելու եղբօր կողքին։

«Թող մեզ զպարտիս մեր ինչպէս եւ մենք թողումք մերոց պարտապանաց».Օգնէ մեզի Հայր խիզախ ըլլալու,  իրար զիրար ներելու ու քալելու միասին, վեհանձնութեամբ, անկեղծութեամբ եւ թափանցիկութեամբ՝  փնտռելով մեր եղբօր  դիմագիծը։

Եւ երբ չարը թակարդ լարած մեր սրտին դռան մօտ, մեզի պիտի մղէ փակուելու մենք մեր մէջ, երբ կղզիանալու փորձութիւնը  աւելի պիտի զօրանայ, թաքնացնելով մեղքին էութիւնը, որ մեզ կը բաժնէ Քեզմէ ու մեր մերձաւորէն, մեզ օգնէ ով Հայր ու քաջալերէ, աջակցութիւն գտնելու  այն եղբօր մէջ,  որ դուն զետեղեցիր մեր մօտ, միասին քալելու համար դէպի Քեզ ու միասնաբար քաջութիւնը ունենալու ըսելու «Հայր Մեր»։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2019, 13:30