Չինաստանի մէջ հաւատացեալներ Չինաստանի մէջ հաւատացեալներ 

Չինաստանի մէջ օծուեցան երկու եպիսկոպոսներ՝ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ ժամանակաւոր համաձայնագիրէն ետք:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնին յայտարարութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, տիար Մաթթէօ Պրունի, երեքշաբթի, 27 օգոստոսին, յետմիջօրէին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը նշեց

Ունկնդրէ լուրը

«Կրնամ հաստատել, թէ Գերապայծառ Անթոնիօ Եաօ Շուն- ը, որ եպիսկոպոս օծուեցաւ Չինաստանի Մոնկոլիա մարզի Ժինինկ -Վուլանչապու-ի թեմին, ստացած է Քահանայապետական հրահանգ, որուն մասին հաստատած էր նաեւ օծիչ եպիսկոպոսը,  26 օգոստոսին կայացած արարողութեան ընթացքին» նշած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը աւելցնելով, որ
Գերապայծառ Անթոնիօ Եաօ-ի եպիսկոպոսական օծումը առաջինն է,  որ տեղի ունեցած է  Սուրբ Աթոռի եւ Չինական ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ՝ Փեքինի մէջ անցեալ 22 սեպտեմբեր 2018-ին, կնքուած ժամանակաւոր համաձայնագիրէն ետք:

Գերապայծառ Անթոնիօ Եաօ եպիսկոպոս օծուեցաւ Ժինինի թեմին,  որ կը գտնուի Մոնկոլիօ մարզէն ներս եւ ուր կ՝ապրին աւելի քան 70 հազար կաթողիկէներ: Անոր եպիսկոպոսական օծումի արարողութեան նախագահեց Հոհհոթ թեմի եպիսկոպոս, Գերապայծառ Տէ Փաուլօ Մենք Ուինկլու:

Չինաստանի մէջ առաջին եպիսկոպոսի օծումին անդրադարձած են միջազգային բազմաթիւ օրաթերթեր :
«Կլոպալ Թայմս» օրաթերթը յօդուածով մը դրական կերպով արտայայտուած է Չինաստանի առաջին եպիսկոպոսին օծումի մասին : Իսկ Չինական մէկ օրաթերթի մը հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացին նորօծ եպիսկոպոսը նշած է՛ որ օծման արարողութիւնը կայացած է անդորր, համերաշխ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ:

Նշենք, թէ Չինաստանի մէջ նորօծ եպիսկոպոսը իր օծումին որպէս կարգախօս ընտրած է «Ողորմածներ ինչպէս Հայրը» : Միեւնոյն  բառերով Ֆրանչիսկոս Պապ ստէպ արտայայտուած է Ողորմածութեան յոբելենական տարուան ընթացքին:

54 ամեայ Չինաստանի նորօծ եպիսկոպոսը, գերապայծառ Անթոնիօ Եաօ Շուն իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Փեքինի ազգային նորընծայարանին մէջ: Ան արտասահմանի մէջ մասնագիտացած է ծիսական գիտութիւններու մէջ:

Չինաստան վերադարձին գերապայծառը,  ծիսագիտութիւն դասաւանդած է Փեքինի ազգային նորընծայարանէն ներս :
2010-ին եղած է Ժինինլի թեմի եպիսկոպոսի օգնականը:

Նշենք, թէ այսօր՝28 օգոստոսին, Չինաստանի մէջ օծուեցաւ երկրորդ այլ եպիսկոպոս մը՝ գերապայծառ Սթեֆանօ Քսու Հոնկվէյը

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2019, 10:40