Որոնել

Աղքատութիւն Աղքատութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 օգոստոսի թուիթը:

Աստուծմէ խնդրենք փափուկ սիրտ մը:

Հինգշաբթի, 22 օգոստոս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակած թուիթով մը հրաւիրեց Աստուծոյ դիմել,  որպէսզի Տէրը մեզի բոլորիս շնորհէ ողորմած սիրտ մը,  որ գիտէ ընդառաջել կարիքաւորներուն, անպաշտպաններուն աղաղակին,  վերջապէս  սիրտ մը որ գիտէ ընկալել մեր սիրտին դուռը բախող անձերը:

Ունկնդրէ լուրը

«Թող Տէրը մեր սիրտերը բանայ կարիքաւորներուն կարիքներուն, անպաշտպաններուն դիմաց՝ անոր, որ մեր դուռը կը բախէ՝ իբրեւ անձ ճանչցուելու համար:» Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2019, 13:30