Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինի շնորհաւորագիրը ծիսական ազգային շաբաթուան առթիւ

Ծէսը Եկեղեցւոյ ժողովուրդին կեանքն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

26-էն-29 օգոստոս 2019-ին, Իտալիոյ Սիկիլիոյ կղզի՝ Մեսսինա քաղաքին մէջ կը նշուի ազգային ծիսական շաբաթը, ունենալով իբրեւ նիւթ «բոլորս կանչուած ենք մկրտութեան սրբութեան»:

Ունկնդրէ լուրը

70 տարիէ ի վեր շարունակ ամէն տարի նշուող Ազգային ծիսական շաբաթ ձեռնարկը այս տարի կազմակերպուած է  Ազգային  ծիսական կեդրոնի եւ Մեսինա թեմի կողմէ որուն  իրենց մասնակցութիւնը բերին  Իտալիոյ տարբեր վայրերէն ժամանած հարիւրաւոր երիտասարդներ

Երկուշաբթի,օգոստոս 26-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլին, ազգային ծիսական շաբաթուան 70-րդ տարեդարձին առիթով, Մեսինա թեմի արքեպիսկոպոսին յղած  շնորհաւորագիրով  մը ֆրանչիսկոս Պապ  բարի մաղթանքները  փոխանցեց ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն:

 Ան ապա գնահատելով ծիսական  ազգային շաբաթ ձեռնարկը նշած է  որ այդ ձեռնակը «կը     «ծառայէ եւ կը  ծանօթացնէ  ծիսական վերանորոգումի ուղեւորութիւնը՝ինչ որ  խնդրուած Վատիկանեան Տիզերական  Բ Ժողովէն:»    

Կարդինալ Փարոլին շնորհաւորագիրին մէջ   ապա  ակնարկելով ձեռնարկի այս տարուան նիւթին « բոլորս կանչուած ենք Մկրտութեան սրբութեան» նշած է,  Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ շեշտած է, որ մկրտութեան սրբութիւնը,  հաւատքի եւ քրիստոնէական կեանքի  հիմնական ճշմարտութիւնն է,  եւ պէտէ է ապրինք  զայն  առօրեայ կեանքին  մէջ՝  իր վտանգներով ու հնարաւորութիւններով:

Ինչ կը հայի ծէսին կարդինալ Փարոլին  մէջբերած է Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը « ծէսը կենդանի է այն  բանին համար,  որ  կենդանի է Ան որ  մահանալով կործանեց մահը եւ յարութիւն առնելով կեանք տուաւ մեզի: Ծէսը Եկեղեցւոյ բովանդակ  ժողովուրդին կեանքն է :    

Կարդինալ Փարոլին, ապա մաղթանք  յայտնած է  որ ծիսական շաբաթուան խորհրդածութիւնները  զարգացնեն այն գիտակցութիւնը, որ ծէսը առանձնաշնորհեալ վայրն է,  ուր Աստուծոյ սրբութիւնը՝ մեզ իրեն կը քաշէ,  Իր գեղեցկութեամբ, ճշմարտութեամբ եւ բարութեամ:

Ան  շնորհաւորագիրը  աւարտած է ապահովուելով  Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը,  որպէսզի  ծիսական ագագին  շաբաթը արդիւնաբեր ըլլայ Իտալիոյ եկեղեցւոյ ուղեւորութեան համար, ինչպէս նաեւ փոխանցելով  Ֆրանչիսկոս Պապին  առաքելական օրհնութիւնը եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւորներուն աշխարականներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2019, 13:39