Միսիոնարէ մը  առնուած լուսանկար Միսիոնարէ մը առնուած լուսանկար 

Միսիոնարներու պատմութիւններ, որոնք կը վառեն աւետարանի հանդէպ սէրը:

« Կղերականներու վկայութիւններ ու պատմութիւններ որոնք կարող են յոյս ներշնչել հոն ուր՝ դժոխքը կարծես թէ իր բնակավայրը հաստատած է »: գրած է Ռուֆինի նախաբանին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վերջերս հրապարակուած է Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութեան ժողովի կառավարիչ Տիար Փաուլօ Ռուֆինիի նախաբանով «ուր՝ միայն հոգին կը հասնի» տիտղոսով գիրք մը, որուն հեղինակն է Մոնիքա Մոնտոօ:
Գիրքին մէջ պարունակուած են, դժուար կացութիւններուն մէջ գործող միսիոնարներուն հետ հարցազրոյցներ, իրականացուած TV2000 hեռուստակայանի Soul յայտագիրին համար:

Ունկնդրէ լուրը

Նախաբանին մէջ Տիար Փաուլօ Ռուֆինի անդրադառնալով գիրքի բովանդակութեան, նշած է թէ գիրքին մէջ պարունակուած են կարգ մը կղերականներու, միսիոնարներու դէպի Ափրիկէ, ճափոն, Արժանթին կատարած ճամբորդութեան պատմութիւններն ու վկայութիւնները երկիրներ՝ ուր կը տիրէ ծայրայեղ աղքատութիւն, բռնութիւն եւ անկայուն վիճակ:

«Կղերականներու վկայութիւններ ու պատմութիւններ որոնք կարող են յոյս ներշնչել հոն ուր՝ դժոխքը կարծես թէ իր բնակավայր գտած է» գրած է Ռուֆինի նախաբանին մէջ:  Ան ապա կը յիշէ գիրքի հեղինակ Մոնիքա Մոնտոյին հարցազրոյցները՝ իրականացուցած Tv2000, հեռուստակայանին համար, հարցազրոյցներ որոնք ընթերցողը հոգեպէս կառաջնորդեն ամէնուրէք՝ մինչեւ իսրայէլի եւ Պաղեստին բաժնող պատնէշը ուր կղերականներ կ՝աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան եւ յոյս ներշնչելու համար: 

Փաուլօ Ռուֆինի նկատել կու տայ, որ այս միսիոնարներուն հանդիպումները, ցոյց կու տան, թէ ինչպէս աւետարանը կը շարունակէ բարի լուր դառնալ: Պատմութիւններ, որոնք կարող են դարձեալ մեր մէջ աւետարանի հանդէպ սէրը վառելու , որոնք աւետարանէն պատճառուած հրաշքներ են, միսիոնարներուն եւ միսիոնարուհիներուն հրաշքներ , որոնք աշխարհի յետին երկիրներուն մէջ կը բացայայտեն, թէ Աստուած մեզ միշտ կը խանխէ, որ սէրը աեւլի զօրեղ է քան վախը, կեանքը աւելի լաւ է քան մահը: Գրած Է Փաութօ Ռուֆինին գիրքին նախաբանին մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2019, 13:11