Գերապայծառ Տարիօ Վիկանօ Գերապայծառ Տարիօ Վիկանօ 

Քահանայապետական անուանում:

Գերապայծառ Տարիօ Վիկանօ եղած է Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովի առաջին կառավարիչը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 31 օգոստոսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Գերապայծառ Տարիօ Վիկանոն անուանեց Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճարի եւ քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու կաճարի փոխ ատենապետ: Գերապայծառ Վիկանոն, մինչեւ օրս անդամ էր սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան յանձնաժողովին:

Ունկնդրէ լուրը

Անուանումի առիթով, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Գերապայծառ Տարիօ Վիկանոն շնորհակալութիւն յայտնելով ֆրանչիսկոս Պապին ըսաւ «Շնորհակալ եմ Սրբազան Քահանայապետին, որ միշտ ինծի աջակցեցաւ եւ ընկերացաւ: Այժմ, որ եզրափակուեցաւ Վատիկանի հաղորդակցութեան բարեփոխումի առաջին փուլը, երախտագիտութեամբ կ՝ընդունիմ ուսումնասիրութեան եւ միջ կրթական շրջագիծէն ներս գտնուող հաղորդակցութեան մարտահրաւէրը :

Մինչ՝ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան բաժանմունքի կառավարիչ, Տիար Փաուլօ Ռուֆինին, հրապարակելով յայտարարութիւն մը շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառ Վիկանոյին, բարձր արհեստավարժութեամբ սատարած մարդկային նպաստին համար՝ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Սուրբ Աթոռին ինչպէս նաեւ համայն եկեղեցւոյ ի նպաստ, նախ որպէս կառավարիչ Հաղորդակցութեան բաժանմունքին, ապա որպէս հաղորդակցութեան յանձնաժողովի անդամ: Փաուլօ Ռուհինի բաձր գնահատեց նաեւ , 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով, Վատիկանի հաղորդակցութեան ինը կազմակերպութիւնները միացնելու, Գերապայծառ Վիկանոյի կատարած դժուարին ու բարդ աշխատանքը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2019, 12:28