Որոնել

Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինի Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինի 

Իր մահկանացուն կնքեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի երբեմնի կառավարիչ Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինին։

Կարդինալ Սիլվեսթրինիi մահով Կարդինալական դասին թիւը կ՛իջնէ 215-ի որոնցմէ 118ն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ ու 97ն ոչ ընտրող։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 29 օգոստոս 2019-ին, 95 տարեկանին, իր մահկանացուն կնքեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի երբեմնի կառավարիչը՝ Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինին։

Ունկնդրէ լուրը

Անոր մահով Կարդինալական դասին թիւը կ՛իջնէ 215-ի, որոնցմէ 118ն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ ու 97ն ոչ ընտրող։

Կարդինալ Սիլվեսթրինին տարիներ ամբողջ ծառայած է Վատիկանի դիւանագիտական ասպարէզէն ներս ու եղած է մօտիկ համագործակից Վատիկանի Պետական քարտուղարներ Կարդինալ Տոմենիքօ Թարտինիի եւ Կարդինալ Ամլեթօ Ճովաննի Չիքոնիանիի ինչպէս նաեւ Կարդինալ Ակոսթինօ Քազարոլիի։

Ան ծնած էր 25 հոկտեմբեր 1923-ին Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող Ֆայենցա Թեմին պատկանող Պրիզիկելլա քաղաքին մէջ։ 19 տարեկանին կ՛անդամակցի թեմական նորընծայարանին ուր ապա քահանայ կը ձեռնադրուի 13 Յուլիս 1946-ին։ 1952-ին կը յաճախէ Եկեղեցական Քահանայապետական ակադեմիան ու 1953-ին մուտք կը գործէ  Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական մարմնի մէջ իր ծառայութիւնը մատուցելով Պետական Քարտուղարութեան եկեղեցական արտակարգ հարցերու բաժանմունքի ներքոյ, զբաղելով Վիեթնամով, Չինաստանով, Ինտոնեզիայով, ու Ասիական Հարաւ Արեւելեան տարածաշրջանով։

1958-էն 1969 եղաւ ամենամօտ համագործակիցը երկու Պետական Քարտուղարներու Կարդինալ Տոմենիքօ Թարտինիի եւ Կարդինալ Ամելեթօ Ճովաննի Չիքոնիանիի։ Տարիներու ընթացքին անոր կը յանձնուին կարեւոր առաքելութիւններ ու 1973-ին կը նշանակուի Եկեղեցւոյ Հանրային հարցերու Խորհուրդի ենթաքարտուղար, հուսկ 4 մայիս 1979-ին կը ստանձնէ նոյն խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը։ 1979-ի մայիս 27-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զինք եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ ու նոյն տարուայ ընթացքին Ան մաս կը կազմէ Իտալիոյ կառավարութեան հետ Լատերանեան Համաձայնագիրի վերատեսութեան բանակցութիւններով զբաղող պատուիրակութեան։

28 Յունիս 1988-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը անոր կը շնորհէ կարդինալական տիտղոսը ու զայն կը նշանակէ  Վատիկանի Վերին ատեանի կառավարիչ։ Ապա 1991-ի մայիս 24էն մինչեւ 25 նոյեմբեր 2000 Կարդինալ Սիլվեսթրինի կը ստանձնէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչի պաշտօնը որմէ կը հրաժարի տարիքի բերումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2019, 11:12