Արարչագործութեան  խնամքի աղօթքի համաշխարհային օր Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի համաշխարհային օր 

Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի համաշխարհային հինգերորդ օրը։

Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի համաշխարհային օրուայ նիւթն է «Կեանքի ցանցը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ կիրակի մէկ սեպտեմբեր 2019-ին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 10 օգոստոս 2015-ին  հաստատուած «Արարչագործութեան  խնամքի աղօթքի համաշխարհային հինգերորդ օրը»։  Օրը ունի համամիութենական բնոյթ­, տրուած ըլլալով որ ան կը յիշատակուի օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ միասին։

Ունկնդրէ լուրը

Արարչագործութեան խնամքի ի նպաստ համամիութենական աղօթքը ու այդ ուղղութեամբ ներգործութիւններու տարեկան ձեռնարկը սկիզբ կ՛առնէ մէկ սեպտեմբերին՝  Արարչագործութեան  խնամքի աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ ու վերջ կը գտնէ 4 հոկտեմբերին Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին օրը։

Այս տարի եւս կը վերանորոգուի «Արարչագործութեան ժամանակը» որուն ընթացքին աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները կը միանան աղօթքով ու ներգործութիւններով ի նպաստ  հասարակաց տան խնամքին։ 2019-ի Արարչագործութեան  խնամքի աղօթքի համաշխարհային օրուայ նիւթն է «Կեանքի ցանցը»։ 

Արարչագործութեան նուիրուած աղօթքի օրուան առթիւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա հրապարակած է պատգամ մը որուն մէջ հաստատած է որ «բնական միջավայրի խնամքը եկեղեցւոյ կեանքին լիակատար մաս է, ան «ծիսական ծառայութիւն է»։

Բարթողոմէոս Պատրիարքը մատնանշած է  30 տարներ առաջ ծնունդ առած ձեռնարկին «եկեղեցական – ծիսական  տարւոյն սկիզբը նուիրելու բնապահպանութեան խնամքին»։

«Մենք չդիմեցինք միայն օրթոտոքս հաւատացեալներուն եւ ոչ ալ պարզապէս քրիստոնեաներուն կամ միւս կրօններու հաւատացեալներուն, այլ քաղաքական մարդոց, բնապահպանութեամբ զբաղող անձնաւորութիւններուն, գիտնականներուն ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց, պահանջելով անոնց օժանդակութիւնը» կը գրէ Բարթողոմէոս Պատրիարքը յատուկէն շեշտը դնելով Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան արարչագործութեան խնամքի ի նպաստ յանձնառումին վրայ։

«Բնապահպանութեան հարցը ի յայտ կը դնէ թէ աշխարհը միակութիւն մըն է ու թէ համաշխարհային հարցերը կը հային բոլորին ու թէ զանոնք դիմագրաւելու համար հարկաւոր է բազմակողմային զօրահաւաք եւ համագործակցութիւն» կը գրէ միշտ Բարթողոմէոս Պատրիարքը որ ապա կոչ կ՛ուղղէ աւելին ընելու բնապահպանութեան գծով, ներգրաւելով նաեւ երիտասարդ սերունդը, զայն լաւապէս կազմաւորելով ու զգայուն դարձնելով բնութեան հարցերուն, մեկնելով հոգեւորականութենէն, որովհետեւ, կը հաստատէ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան Առաջնորդը «կարելի չէ ի գործ դնել Մարդկութեան մեծ հարցերու լուծումը, առանց հոգեւոր ուղեւորութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2019, 08:33