Comunione e Liberazione (Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում) շարժումի կողմէ կազմակերպուած «Միթինկ»: Comunione e Liberazione (Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում) շարժումի կողմէ կազմակերպուած «Միթինկ»: 

Գերապայածառ Կալլակըր «Եւրոպա. հայրենասիրութիւն եւ բացուածք ուրիշներու հանդէպ»:

Հարցազրոյցին մէջ Գերպ. Կալլակըր կարծիք կը յայտնէ թէ Եւրոպան «արժէք մըն է, որովհետեւ ունինք ժողովուրդներ, ազգեր, որոնք միասնաբար անցած են երկար պատմութենէ մը, բաժնած են շատ մը փորձառութիւններ դարերու ընթացքին եւ հսկայական մեծամասնութեամբ, պատկանած են քրիստոնէական հաւատքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատինակի Պետական Քարտուղարութեան պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Արքեպիսկոպոս Փօլ Ռիչըրտ Կալլակըր, չորեքշաբթի, 21 օգոստոսին, Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ, Comunione e Liberazione (Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում) շարժումի կողմէ կազմակերպուած «Միթինկ»ին առիթով հարցազրոյց մը տուած է, ուր խօսած է Եւրոպայի հայող եւ Եւրոպան յուզող քաղաքական, ընկերային եւ կրօնական խնդիրներու մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Հարցազրոյցին մէջ Գերպ. Կալլակըր կարծիք կը յայտնէ թէ Եւրոպան «արժէք մըն է, որովհետեւ ունինք ժողովուրդներ, ազգեր, որոնք միասնաբար անցած են երկար պատմութենէ մը, բաժնած են շատ մը փորձառութիւններ դարերու ընթացքին եւ հսկայական մեծամասնութեամբ, պատկանած են քրիստոնէական հաւատքին։ Այս հիման վրայ Եւրոպան վերածուած է տեսլականի մը, ծրագրի մը՝ որ եւրոպացիներու սրտին մէջ հաստատուած է։ Նախորդ դարուն ունեցած ենք երկու միջազգային պատերազմներու փորձառութիւնը, որոնք եւրոպացիները եւ իրենց ղեկավարները առաջնորդած են այն համոզումին, թէ միշտ դժուար է առանձին կերտել խաղաղութիւն եւ ապահովել մեր ժողովուրդներու զարգացումը»։

Թէ ինչու՛ համար Եւրոպան շատ կը խօսի իրաւունքներու եւ ոչ երբեք պարտականութիւններու մասին, Գերպ. Կալլակըր շեշտած է թէ այսօր կարեւոր է ունենալ աւելի հաւասարակշիռ տեսլական մը, պէտք է իրաւունքներ եւ պարտականութիւններ ու պատասխանատուութիւններ ընթանան միասին։

Գերպ Կալլակըր ապա ըսած է, թէ «կասկած չկայ, որ իւրաքանչիւր երկիր, իւրաքանչիւր ազգ ինքնիշխան է։ Սակայն խնդիր կը յառաջանայ, երբ կը խօսինք «ինքնիշխանականներու» մասին, ուր ինքնիշխանութեան չափազանցուած տեսլական մը կայ, ուր կը շեշտուի ինքնիշխանութեան վրայ։ Պէտք չէ ինքզինք փակել աւելի փոքր իրականութիւններու դիմաց։ Պետութեան մը համար շատ դժուար է իր ժողովուրդին համար ապահովել բոլոր իրաւունքները, ինչպէս՝ խաղաղութիւն, պաշտպանութիւն եւ ապահովութիւն։ Բոլորս ալ կապուած ենք իրարու, ինչպէս կ՚ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապ, եւ սա կը նկատենք ընկերային համացանցի մէջ։ Այն կարծիքը, թէ «ինքնիշախանութիւն» կը նշանակէ փակուիլ ուրիշներու դիմաց, գուցէ ունի տեսական եւ գործնական գրաւչութիւն մը, սակայն չեմ կարծեր թէ այդ ճանապարհէն պէտք է ընթանանք։»

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ երբ կը խօսուի Եւրոպայի մասին, դա աւելի կը հայի քաղաքական վերնախաւի մը եւ ոչ սովորական ժողովուրդին, Գերպ. Կալլակըր նկատած է թէ վերջին շրջանին շատ մը որոշումներ թշնամական կեցուածքի հանդիպած են, որ երբեմն արդարացի է եւ երբեմն ոչ։ «Սակայն ճիշտ է, թէ ապագային եւորպական հաստատութիւնները պէտք է մօտենան ժողովուրդներուն, պէտք է աւելի մտիկ ընեն, պէտք է ճիգ թափեն կազմաւորուիլ՝ աւելի մեծ արժէք տալու այն բոլոր բաներուն, ուր եւրոպայի ժողովուրդները իշխանութիւն տուած են իրենց հաստատութիւններուն։ Միշտ պիտի մնայ մեծ հեռաւորութիւն մը երբ կը թուի թէ Եւրոպան չի լսեր ժողովուրդին եւ չի զբաղիր անոր խնդիրներով, դժուարութիւններով, ներկայի եւրոպական մարտահրաւէրներով. այդ պարագային միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ որոշ արհամարհանք մը ժողովուրդի կողմէ։»

Վերջապէս Գերպ Կալլակըր անդրադարձած Եկեղեցւոյ՝ Եւրոպայի մէջ ունեցած դերին։

Ան նկատած է, թէ Եկեղեցին չունի ազգայնական տեսլական մը։ «Կը գնահատենք հայրենասիրութիւնը, սէրը հայրենիքի, երկրի, մշակոյթի եւ ժողովուրդի հանդէպ։ Կաթողիկէ հաւատքին մէջ, եւ կը կարծեմ թէ քրիստոնէական այլ դաւանանքներու մէջ, գոյութիւն ունի բացումը ուրիշներու հանդէպ, եկեղեցական այն ոգիի կեցուածքով, թէ՝ աւելի են այն բաները որ հասարակաց են մեզի, քան այն բաները որոնք կը բաժնեն մեզ։ Այս «Միթինկ»ի նիւթը այդ է՝ մեր տեսողութիւնը ուրիշին հանդէպ ընդլայնել, յառաջանալ դէպի հանդիպումի մշակոյթը, որուն մասին Սրբազան Պապը կը խօսի միշտ։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2019, 09:02