Իրաքէն առնուած լուսանկար Իրաքէն առնուած լուսանկար 

Կարդինալ Ֆիլոնին «Իրաքի մէջ պէտք է երաշխաւորուին քրիստոնեաներուն իրաւունքները, որպէսզի անոնք կարենան իրենց տուները վերադառնալ»:

Իրաքի Նինւէ քաղաքին մէջ քրիստոնեայ ընտանիքներուն 46 տոկոսը, արդեն վերադարձած են իրենց հօրենական տուները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 8 օգոստոսին, նշուեցաւ Քրիստոնեաներուն Իրաք երկրէն հեռանալնուն 5-րդ տարեդարձը:

Հինգ տարի առաջ Իրաքի մէջ մահմետական ծայրայեղ զինեալներու պատճառաւ, աւելի քան 120 հազար քրիստոնեաներ, ստիպուած եղան ձգելու իրենց  օճախները:  

Ունկնդրէ լուրը

Մի քանի տարի ետք՝ 2017-ին,  ծայրայեղ խմբաւորումները պարտութեան մատնուելէ ետք,  սկիզբ առաւ քրիստոնեաներուն տուն վերադարձը :

Այժմ, իրաքի Նինւէ քաղաքի քրիստոնեայ ընտանիքներուն 46 տոկոսը,  արդեն վերադարձած են իրենց հօրենական տուները:

Շնորհիւ ազգային եւ միջազգային բարեսիրական հաստատութիւններուն, նամանաւանդ շնորհիւ քահանայապետական բարեսիրական «տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութեան ընթացք առած ու կը շարունակուին բնակարաններուն վերանորոգման աշխատանքները:

Ամատիա թեմի ժողովրդապետ Հայր Սամիր Եուսէֆի փոխանցմամբ Մոսուլ քաղաքի  իրավիճակը տակաւին կը մնայ  բարդ ու վտանգաւոր:  Այդ քաղաքէն գաղթած 15 հազար քրիստոնեաներէն միայն տասնեակ ընտանիքներ իրենց  ծննդավայրը վերադարձած են:

Մուսուլ քաղաքի բնակարաններուն վերակառուցման աշխատանքները տակաւին չեն սկսած՝ տեղական կառավարութեան պակասի պատճառաւ:

Եկեղեցին եւ միջազգային կազմակերպութիւններ չեն կրնար ընթացք տալ իրենց ծրագիրներուն, ապահովութեան պատճառաւ: ըսած է Հայր Սամին Եուսէֆ որ  իրաքի պատերազմի 5 տարիներուն նեցուկ կանգնած ու  խնամք տարած է հազարաւոր քրիստոնեաներուն, մահմետականներուն՝ անխտիր:

Իրաքէն՝ քրիստոնեաներուն հեռանալնուն 5-րդ տարեդարձի առթիւ, Վատիկան Նիւզը  կապ պահեց Սուրբ Աթոռի ժողովուրդներուն աւետարանումի ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Ֆերնատօ Ֆիլոնիին հետ,  որ 2001-2006 տարիներուն եղած է Իրաքի եւ Յորդանանի մէջ առաքելական նուիրակ:

Ծիրանաւորը իր ունեցած զրոյցին մէջ շեշտեց օրէնսդրական՝ աւելի շատ երաշխիքներ առաջարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ կրօնական փոքրամասնութիւններուն ի նպաստ,որոնք իրաւունք ունին Իրաքի մէջ ապրելու:

Ծիրանաւորը  մաղթանք յայտնեց, որ խաղաղութիւն տիրէ ամբողջ իրաքի մէջ, ոչ միայն պարտուողներուն եւ յաղթողներուն միջեւ, այլեւ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու եւ մեծամասնութիւններու միջեւ, նկատել տալով, որ քրիստոնեաները վաղուց  ի վեր Իրաքի մէջ նկատուած են խաղաղասէր մարդիկ, որ իրաքի ընկերութեան համար մեծ հարստութիւն է»  ըսաւ Կարդինալ Ֆիլոնին,  ան ապա  անդրադառնալով քրիստոնեաներու Իրաքէն հեռանալու 5-րդ տարեդարձին նշեց որ տուն վերադարձի գործընթացը շատ դանդաղ կ՝ընթանայ :

Ծիրանաւորը շետշեց,  որ պէտք է երաշխաւորուին քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները, որէպզի քրիստոնեաները կարենան իրենց տուները վերադառնալ եւ կարեան իրաքի մէջ արժանվայել եւ ազատ կեանք ապրիլ:

Կարդինալ Ֆիլոնի նշեց, որ կարելի է կառուցել ինչ, որ նիւթական է սակայն՝ չէ կարելի վերակառուցել մարդկային հիւսուածքը: 

«Միջին արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը միջազգային ընտանիքին համար մարտահրաւէր է: ըսաւ Կարդինալ Ֆիլոնին զրոյցի աւարտին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2019, 12:27