Որոնել

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը 

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութիւնը Վիեթնամի եւ Սուրբ Աթոռի աշխատանքային խումբերուն հանդիպումի մասին:

Հանդիպումի նպատակն է զարգացնել եւ խորացնել երկողմանի յարաբերութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, օգոստոս 20-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց,  թէ 21-էն-22 օգոստոսին, Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի հանրապետութեան աշխատանքային խումբերուն հանդիպումը, որուն նպատակն է զարգացնել ու խորացնել երկողմանի յարաբերութիւնները : Հանիդպումի ընթացքին յատուկէն պիտի շօշափուին Վիեթնամի մէջ եկեղեցական կեանքի հայող կարգ մը նիւթեր,  ինչպէս նաեւ Վիեթնամի մէջ քահանայապետական ներկայացուցչութեան առաքելութեան ու կարգավիճակին հայող հարցեր:  

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեան մէջ նշուած նաեւ, որ Սուրբ Աթոռի Եւ Վիեթնամի աշխատանքային խումբերու հանդիպումի ընթացքին պիտի արծարծուի նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան  մօտիկ ապագային Վիեթնամ կատարելիք  այցելութիւնը

Վիեթնամի պատուիրակութիւնը պիտի ղեկավարէ  արտաքին գործոց փոխ նախարար Տիար Թօ ԱՆ Տունկ իսկ սուրբ աթոռին պատուիրակութիւնը՝  Գերապայծառ Անթուան Քամիլլերին որ է Սուրբ աթոռի այլ  պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղարը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2019, 12:00