Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի ստորագրութիւնը Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի ստորագրութիւնը 

Սուրբ Աթոռի խօսնակի յայտարարութիւնը՝ «Մարդկային Եղբայրութեան» փաստաթուղթի Գերագոյն յանձնաժողովի ծնունդի վերաբերեալ։

«Թէեւ յաճախ չարը, ատելութիւնն ու բաժանումներն են որոնք ակնյայտ են, գոյութիւն ունի բարիի թաքուն ովկիանոս մը որ կ՛աճի ու յոյս կը ներշնչէ երկխօսութեան, փոխադարձ ճանաչողութեան, ու այլ կրօններու եւ բարի կամքի տէր մարդոց ու կիներու հետ կառուցելու, խաղաղութեան ու եղբայրութեան աշխարհ մը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը հայող «Աշխարհի խաղաղութեան ու միասնական համակեցութեան Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթին» պարունակութիւնը իրագործելու Գերագոյն յանձնաժողովի ստեղծումին։

Ունկնդրէ լուրը


«Սրբազան Քահանայապետը ուրախութեամբ իմացաւ լուրը վերջերս ստեղծուած  Գերագոյն յանձնաժողովին  ի գործ դնելու համար  «Աշխարհի խաղաղութեան ու միասնական համակեցութեան Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթի նպատակները», որ Նորին Սրբութիւնը ստորագրած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ անցեալ փետրուարին, Ալ Ազհարի Աւագ Իմամի հետ միասին» կը յայտնէ Տիար Պրունի նշելով որ  «Սրբազան Պապը նկատել կու տայ նաեւ թէ «թէեւ յաճախ չարը, ատելութիւնն ու բաժանումներն են որոնք ակնյայտ են, գոյութիւն ունի բարիի թաքուն ովկիանոս մը որ կ՛աճի ու յոյս կը ներշնչէ երկխօսութեան,  փոխադարձ ճանաչողութեան, ու այլ կրօններու եւ բարի կամքի տէր մարդոց ու կիներու հետ կառուցելու, խաղաղութեան ու եղբայրութեան աշխարհ մը»։

«Ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջալերէ յանձնաժողովը Փաստաթուղթր տարածելուն համար եւ  շնորհակալութիւն կը յայտնէ Արաբական Էմիրութիւններուն՝ շօշափելի յանձնառումին համար ի նպաստ մարդկային եղբայրութեան, մաղթելով որ ասոր նման ձեռնակներ կրկնապատկուին աշխարհի մէջ»յատարարծ է միշտ Տիար Մաթթէօ Պրունին։

Վերոնշեալ Յանձնաժողովի ծննդեան առընչութեամբ Միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի  նախագահ Գերապայծառ Անկել Աեուզօ Կիքսոն, որ անդամ է յանձնաժողովին, գնահատելով Յանձնաժողովին ստեղծումը հաստատած է որ «միջ կրօնական երկխօսութիւնը միակ արդիւնաւէտ հակաթիւնն է ծայրայեղութեան չարիքին», նշելով նաեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապին ու Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթը գործնական օրինակ մըն է՝ թէ ինչպէս կրօնական Ղեկավարները կարող են կառուցել կամուրջներ, ամրապնդել երկխօսութիւնը ու յաղթահարել  «քաղաքակրթութիւններու բախում» սնուցող իրենք իրենց մէջ փակուելու փորձութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2019, 14:18