Դիւանէն առնուած լուսանկար Դիւանէն առնուած լուսանկար  

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան բաժանմունքը կը հարստանայ մուլթիմետիա թուայնային նոր դիւանով:

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան բաժանմունքը միշտ որպէս նպատակ ունեցած է փաստաթուղթերուն պահապանումը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Յիշատակ եւ ապագայ»: Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան բաժանմունքը այժմ կ՝օժտուի  թուայնային  մուլթիմետիա նոր դիւանով: Այս մասին  հաղորդեց Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ընդհանուր խմբագրական կազմի փոխ տնօրէն Ալեստանրօ Ճիզոթթին: Ան նշեց թէ  Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան բաժանմունքը  միշտ որպէս նպատակ ունեցած է փաստաթուղթերուն պահապանումը. Յատուկէն  պատմական եւ  կարեւոր  փաստաթուղթեր նախ եւ առաջ քահանայապետերուն փաստաթուղթեր՝ զանազան տարբերակներով:

Ունկնդրէ լուրը

Տիար Ճիզոթթի դիտել կու տայ, որ փաստաթուղթերու պահպանումի գործողութիւնը,  ոչ միայն պահպանողական աշխատանք   մըն է անիկա ապագային երաշխիք է  եւ ոչ թէ մոխիրներու պահապանում:

Ան կ՝ընդգծէ, թէ Վատիկանի մետիայի առաքելութիւնը այժմը կը գտնէ իր  վերուժը,  շնորհիւ հաղորդակցութեան բաժանմունքի  մուլթիմետիա ընդհանուր խմբագրական կազմի դիւանին,  ուր պիտի պահպանուին ձայնագրութիւններ, լուսանկարներ,  տեսերիզներ ինչպէս նաեւ յօդուածներ որ օգտակար պիտի դառնայ համայն հաղորդակցութեան բաժանմունքին, երաշխաւորելով այդ դիւանի պահպանումը ու հասանելիութիւնը:

Հաղորդակցութեան բաժանմունքը թուայ նայի դիւանին պատասխանատու նշանակուած է Տիար Փիեթրօ Քոքքոն որ եղած էր Վատիկանի Ռատիոյկանի յայտագիրներու  ընդհանուր տնօրէնի օգնականը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2019, 07:54