Որոնել

Սանթա Մրիա Մաճճորէ տաճարի «ձիւնի հրաշքի» ոգեկոչում Սանթա Մրիա Մաճճորէ տաճարի «ձիւնի հրաշքի» ոգեկոչում 

''Ձիւնի Տիրամօր'' հրաշքի յիշատակը եւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Եկեղեցւոյ տօնը։

Հռոմի Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարի շինութիւնը կարելի եղած է հրաշքի մը բերումով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սանթա Մարիա Մաճճորէ» Տիրամօր նուիրուած Քահանայապետական Պազիլիքան ուր Ֆրանչիսկոս Պապ սովոր է երթալ ամէն մէկ առաքելական ճամբորդութենէն առաջ ու վերջ, 5 օգոստոս 2019-ին հանդիսաւոր արարողութեամբ ու արուեստական յայտագիրով նշեց Եկեղեցւոյ օծման  եւ «Ձիւնի հրաշքի» յիշատակութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Լիպերեան» կոչուած վերոնշեալ  տաճարը կը գտնուի Հռոմի Էսքուիլինօ բլուրին գագաթը։  Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ Հռոմի Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարի շինութիւնը կարելի եղած է հրաշքի մը բերումով։

Արդարեւ Աստուածամայրը յայտնուած է Լիպերիոս Քահանայապետին ու անորմէ խնդրած է իրեն ի պատիւ Եկեղեցի մը կառուցել ճիշդ այնտեղ ուր 5 օգոստոսին, ամարուայ մէջ, պիտի ձիւնէ։ 5 օգոստոս 358-ին առաւօտեան սպիտակ ձիւնի գորգ մը կը տարածուի Էսքուիլինօ շրջանի բլուրին վրայ։

Այս երեւոյթին դիմաց, Լիպերիոս Քահանայապետը սահմանագծել կու տայ տարածքը, որուն վրայ կը բարձրանայ Սրբուհի Մարիամին նուիրուած սրբավայրը, որ հռոմէացիները նաեւ կը կոչեն Ձիւնի Տիրամօր տաճար եւ ուր պահպանուած է նաեւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն Տիրամօր սրբանկարը։

Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարը նաեւ կը կոչուի ս. Կոյս Մարիամի Մսուրը, որովհետեւ արդէն 4-րդ դարէն առաջ հոն կը պահուէին հին մսուրի մը փայտերը, որ ժողովրդական աւանդութիւնը կը վերագրէ այն խանձարուրին որ պատած էր Մանուկ Յիսուսը Բեթղեհէմ քարայրին մէջ։

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի տօնին առթիւ  5 օգոստոսի առաւօտեան աւագ տաճարին գահերէցը Կարդինալ Սթանիզլաւ Ռիլքօ` նախագահեց տաճարին օծման արարողութեան տարեդարձին նուիրուած  ս. պատարագը,­ մինչ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ժամասացութեան արարողութիւն իսկ  երեկոյեան` «սպիտակ ծաղիկի փեթակներու անձրեւը», ոգեկոչելու համար ձիւնի հրաշքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2019, 08:19