Ֆրանչիսկոս Պապին Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիօ կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիօ կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ միջազգային ճամբորդութեան յայտագիրի ներկայացում։

Նորին Սրբութեան սոյն միջազգային ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ առաքելական 31-րդ ճամբորդութիւնը որոնց ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ այցելած պիտի ըլլայ 49 երկիրներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 2 սեպտեմբեր 2019-ի ժամը մէկին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 4էն 10 սեպտեմբեր Մոզամբիկ, Մատակասկար եւ Մաուրիցիօ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք թէ Նորին Սրբութեան սոյն միջազգային ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ առաքելական 31-րդ ճամբորդութիւնը, որոնց ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ այցելած պիտի ըլլայ 49 երկիրներ։

Յայտնենք նաեւ որ երկրորդ անգամն է որ վերոնշեալ երկիրները կը հիւրընկալեն Քահանայապետ մը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի 1988ին եւ 1989 թուականներուն կատարած առաքելական ճամբորդութիւններէն ետք։

Սրբազան Քահանայապետին վերոնշեալ ճամբորդութեան նպատակն է մօտիկութիւն ցուցաբերել  եւ ամրապնդել այդ երկիրներու մէջ ապրող կաթողիկէ հաւատացեալներուն հաւատքը, ինչպէս նաեւ յոյս ներշնչել ափրիկեան ցամաքամասի պատկան այդ երկիրներու բնակչութեան։

 Ճամբորդութեան երեք կարգախօսներն են. Մոզամբիկի համար «Յոյս, խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն», Մատակասկարի համար՝ «Յոյս եւ խաղաղութիւն սերմանող», մինչ Մաուրիցիոյի համար «Խաղաղութեան ուխտաւոր»։  

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մեկնի չորեքշաբթի 4 սեպտեմբերի առաւօտեան ու վերադարձ կը կատարէ 10 սեպտեմբերի երեկոյեան։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2019, 08:09