Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը 

Պօղոս Զ Քահանայապետի մահուան տարեդարձը՝ Բարենորոգումի Քահանայապետը։

Պօղոս Զ Պապը եղած է Եկեղեցւոյ բարեկարգումի մեծ դերակատարը ու թափ տուած է Քահանայապետերու միջազգային ճամբորդութիւններուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

6 օգոստոս 1978-ին՝ Յիսուսի այլակերպութեան տօնին օրը, Քասթել Կանտոլֆոյի Պապական ամարանոցին մէջ, իր մահկանացուն կը կնքէր աւազանի անունով   Ճովաննի Պաթթիսթա Մոնթինի՝ Պօղոս Զ Քահանայապետը։ Ան  ծնած էր Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի՝ Քոնչեսի գիւղաքաղաքին մէջ՝ 26 սեպտեմբեր 1897-ին։ Քահանայապետ ընտրուած է 21 յունիս 1963ին, յաջորդելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. Պապին ու շարունակելով այս վերջինիս սկսած Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհի մեծ յեղաշրջումի ժամանակամիջոցին,  Պօղոս Զ Պապը Տիեզերական եկեղեցին ղեկավարած է մեծ  ուշիմութեամբ։ Ան եղած է Եկեղեցւոյ բարեկարգումի մեծ դերակատարը ու թափ տուած է  Քահանայապետերու միջազգային ճամբորդութիւններուն։

1964ին այցելած է Սուրբ Երկիր, Երուսաղէմի մէջ հանդիպելով Պատրիարք Աթենակորասի հետ։ Հանդիպում որ հանդիսացած է նոր համամիութենականութեան հիմնաքարը։

Տարի մը վերջ ուղերձ մը տուած է ՄԱԿ-ի մէջ, որուն ընթացքին  վճռակամ կոչ ուղղած էր խուսափելու հակամարտութիւններէն բացագանչելով «ոչ երբեք պատերազմ»։

Մեծ ջանք թափած է համամիութենականութեան, արդարութեան, խաղաղութեան, միջկրօնական երկխօսութեան գործընթացքներու ուղիով ինչպէս նաեւ մեծ ուշադրութիւն յատկացուցած է  հաղորդամիջոցներու դերակատարութեան։ Սկիզբ դրած է Եկեղեցւոյ օրինագրքի նոր մշակումին, որ իր աւարտին հասած է 1983 թուականին։

Մասնաւոր ակնածանք վայելած է իր խաղաղութեան եւ ընկերային խնդիրներու նուիրուած շրջաբերականներուն համար։

Պենետիկտոս ԺԶ վաստաաւոր Քահանայապետի օրով Պօղոս Զ Պապը կը դասուի Աստուծոյ Ծառաներու շարքին, 19 հոկտեմբեր 2014-ին Ֆրանչիսկոս Պապ` զայն կը  հռչակէ Երանելի, ու 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած  հանդիսաւոր արարողութեամբ, զայն կը հռչակէ Տիեզերական եկեղեցւոյ Սուրբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2019, 09:33