Քենիոյ մէջ միսիոնար Վարդապետի մը լուսանկար Քենիոյ մէջ միսիոնար Վարդապետի մը լուսանկար  Խմբագրական

Ֆրանչիսկոս Պապին քահանաներուն յղած նամակի մասին Անտրէա Թորնիելլիի խմաբագրականը:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ աշխարհի բոլոր այն քահանաները, որոնք ամէն օր կը ճակատին յուսախաբութեան, անհասկացողութեան դէմ եւ եկեղեցւոյ դռները բաց պահելով կը մատակարարեն սուրբ խորհուրդները:

Վազգէն Աբարդեան- Վատիկան

«Սեռային չարաշահումներու ողբերգութիւնը, զոհերու աղաղակները պատճառուած ՝ մեր երեւակայութենէն հեռու մարդոցմ կողէ, կը շարունակէ ծանր  բեռ ըլլալ իւրաքանչիւր քահանայայի մը  համար»:

Ունկնդրէ լուրը

Այս տողերով սկսած է Սուրբ Աթոռի հաղորդացկութեան բաժանմունքի ընդհանուր գմբագրական կազմի տնօրէն Անտրէա Թորնիելլի, ֆրանչիսկոս Պապին քահանաներուն յղած նամակի մասին պատրասատած խմբագրականը: 

«Կան վարդապետներ, որոնք գնահատուած են արհամարանքով, կասկածանքով, հակառակ որ անմեղ եւ զուրկ են այն յանցանքներէ,  որոնք արինահոս վէրքեր կը շարնակուին ըլլալ՝ համայն  եկեղեցւոյ մարմնին մէջ»:  

Անտրէա Թորնիելլի նկատել կու տայ,  որ  «Սուրբ Քուրէ Տ՝արսի մահուան 160 ամեակի առթիւ,  ֆրանչիսկոս Պապ քահանաներուն յղած նամակին մէջ, «ընդգծելով հանդերձ՝  անհրաժեշտ պարագային յանդիմանելու եւ դատապարտելու պարտականութիւնը , շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն բոլոր քահանաներուն, որոնք հաւատարիմ մնացին  ու չդավաճանեցին իրենց հաւատքն ու վսատհութիւնը: 

Նորին սրբութիւնը իր մօտիկութիւնը ու զօրակցութիւն կը յայտնէ ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ աշխարհի բոլոր այն քահանաները,  որոնք յաճախ ամէն  օր յոգնած վիճակի մէջ կը  ճակատին յուսախաբութեան, անհասկացողութեան դէմ  եւ եկեղեցւոյ դռները բաց պահելով կը մատակարարեն սուրբ խորհուրդները:

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն քահանաներուն, որոնք կը յաղթահարեն տխրութիւնը, իրենց կեանքը կը վտանգեն՝ ընկալելու համար բոլոր անոնց որոնք Աստուծոյ՝ խօսքին մխիթարանքի, առաջնորդութեան կարիքը ունին:  Այն քահանաներուն որոնք ամէն օր կ՝այցելեն իրենց ժողովուրդը, կ՝ ողբան, ողբացողին հետ, կ՝ուրախանան հրճուողին հետ : Այն քահանաներուն, որոնք ստէպ իրենց կեանքը կը վտանգեն մօտիկ գտնուելու համար իրենց հօտին: Այն քահանաներուն համար, որոնք օրեր շարունակ փոքրիկ նաւակով մը կը նաւարկեն հասնելու համար աշխարհի ծայրը գտնուող գիւղերը՝  որոնելու համար իրենց հօտին կորսուած ոչխարները:

Անտրէա Թորնիելլի կը գրէ,  «եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կան մեծ պատմութիւններ: Թագուն ծառայութեան մեծ պատմութիւն: Պատմութիւնը անոր որ անձնուիրութեամբ կը  գործէ՝ առանց երեւնալուզելու լոկ՝ վստահելով Աստուծոյ շնորհքին վրայ :

Մեծութիւնը՝ ուրիշներուն համար նուիրուած կեանքին՝ մեղաւոր քահանաներուն կողմէ, որոնք փորձարկելով եւ կը շարունակեն փորձարկել  Աստուծոյ ողորմածութիւը ու Աստուծոյ կը հետեւին  հասարակութեան ծառայութիւն մատուցանելով:

Կարիքը կար քաջալերանքի,  գնահատանքի եւ մօտիկութեան: Կարիքը կար երախտագիտութեան՝ ինչպէս պարունակուած է  ֆրանչիսկոս Պապին նամակի մէջ: Կարիքը կար,  որովհետեւ եկեղեցւոյ պատճառուած վիշտը ՝քիչ անհաւատարիմներու կողմէ,  ինչպէս սեռային չարաշահումներուն արարքը,  պէտք չէ որ  մոռացութեան մատնէ շատերու հաւատարմութիւնը,  ապրուած ՝հակառակ մարդկային բոլոր սահմանափակումներուն:  

Այօսր ՝ ասոր համար ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր, որ իր բոլոր գոյութիւնը Աստուծոյ կը նուիրէ՝ ծառաելով ժողովուրդին եւ վերանորգելով իր կոչումին Այոն:» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2019, 11:04