Գերապայծառ Ազուաճէ Գերապայծառ Ազուաճէ 

Գերապայծառ Ազուայէ. «Վենեզուելլայի ժողովուրդը երախտապարտ է ֆրանչիսկոս Պապին »:

Վենեզուելլայի մէջ տիրող քաղաքական վատ կացութեան պատճառաւ, ժողովուրդին 14 տոկոսը փախած են երկրէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վենեզուելլայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, Գերապայծառ Խօսէ Լուիս Ազուայէ, երկար հարցազրոյց մը ունեցած է Վատիկան Նիւզ-ի հետ: Անդրադառնալով Վենեզուելլայի մէջ ներկայ կացութեան, գերապայծառ Ազուայէ յայտնեց թէ Վենեզուելլային մէջ այժմ  աւելի քան 6 միլիոն անձեր զրկուած են ջուրէ, սնունդէ եւ ելեկտրական հոսանքէն ու անոնք կ՝ապրին ողբերգական վիճակի մէջ:

Ան ապա  իր երախտագիտութիւնը յայտնեց  ֆրանչիսկոս պապին՝ Վենզուելլայի ժողովուրդի նկատմամբ ցուցաբերած մօտիկութեան համար:  Սրբազան Հայրը  կիրակի 7 յուլիսին,  կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ  դարձեալ իր մօտիկութիւն յայտնեց Վենեզուելլայի տառապող ժողովուրդին, մաղթելով որ կարճ ժամանակամիջոցին խաղաղութիւն տիրէ երկրին մէջ : 

Վենեզուելլային Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը  դիտել տուաւ նաեւ, որ Վենեզուելլայի մէջ առանց քաղաքական փոփոխութեան կարելի չէ ,  որ ընկերային, տնտեսական գետնի վրայ բան մը փոխուի: Ան ընդգծեց որ երկրի հարցերու լուծման համար միակ ուղին ընտրութեան ուղին է:

Գերապայծառ խօսէ նշեց, որ Վենեզուելլայի մէջ տիրող քաղաքական վատ կացութեան պատճառաւ, ժողովուրդին 14 տոկոսը փախած են երկրէն:  Կան մայրեր, որոնք ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին իրեցն զաւակներուն մասին:

Հարցազրոյցի աւարտին գերապայծառը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով  ֆրանչիսկոս Պապին ըսաւ. «Մենք իբրեւ եպիսկոպոսներ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆրանչիսկոս Պապին մեր երկրին համար կատարած բոլոր բարիքներուն համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2019, 12:39