Որոնել

Մոնթէ Քարմելոյի Տիրամայր Մոնթէ Քարմելոյի Տիրամայր 

Ֆրանչիսկոս Պապին 16 Յուլիսի Թուիթը՝ «Խոկանք Սուրբ Կոյսի մասին»

16 Յուլիսին կը յիշատակուի Մոնթէ Քարմելոյի Տիրամօր տօնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր «Մոնթէ Քարմելոյսի» Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնին օրը, խոկանք Սուրբ Կոյսի մասին, որ կը գտնուի Քրիստոսի խաչին մօտ։ Այդ է նեաւ Եկեղեցւոյ տեղը՝ Քրիստոսի մօտ»։ Այսպէս գրեց  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 16 յուլիս 2019-ին հրապարակած թուիթին մէջ՝ «Մոնթէ Քարմելօ» կամ «Քարմինէ» Տիրամօր տօնին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Մոնթէ Քարմելոյի Տիրամայրը Քարմելիթան կամ Կարմեղեան միաբանութեան պաշտպան սրբուհին է ու պաշտպանն է նաեւ բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են ապրելու Կարմեղեաններու հոգեւորականութիւնը։ Անոր տօնը կը նշուի 16 Յուլիսին յիշատակելու համար Կարմեղեաններու միաբանութեան անդամ՝ Անգլիացի կրօնաւոր - քահանայ ու Միաբանութեան երբեմնի ընդհանուր Աբբահայր՝ Երանելի Սիմոնէ Սթոքին Մարեմեան Երեւումը, որ պատահեցաւ  16 Յուլիս 1251 ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2019, 13:30