Ծովու Կիրակի Ծովու Կիրակի 

«Ծովու Կիրակի»ին առթիւ Քահանայապետական թուիթ։

«Ծովու Կիրակին» հաստատուած է 1975-ին, յիշատակելու համար բոլոր ծովայինները, անոնց ընտանիքները ու անոնք որոնք կը զբաղին անոնց հոգատարութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր կը յիշատակուի Ծովու կիրակին, նուիրուած ծովայիններուն ու ձկնորսներուն։ Կ՛աղօթեմ անոնց ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար ու կը քաջալերեմ բոլոր ջանքերը որոնք մղուած են անոնց մարդկային իրաւունքներու պահպանման ու պաշտպանման»։ Այս է գրառումը զոր հրապարակուեցաւ Քահանայապետական @pontifex թուիթըրեան կայքին վրայ՝ կիրակի 14 յուլիս 2019-ին «Ծովու Կիրակիին» առթիւ, որ հաստատուած է 1975-ին, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ծովու Առաքելութեան ու Անկլիքան եկեղեցւոյ «Mission to Seafarers» ինչպէս նեաւ «Free Church»ի  «Sailors’ Society» ի կողմէ,  յիշատակելու համար բոլոր ծովայինները, անոնց ընտանիքները ու անոնք որոնք կը զբաղին անոնց հոգատարութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2019, 11:30