Որոնել

Աղօթք ու հաւատք Աղօթք ու հաւատք 

«Հաւատքը պարգեւ մըն է» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Հաւատքը մեզի կը պարգեւէ հաւաստիութիւն որ մենք Աստուծոյ զաւակներ ենք ու Ան մեզ կը սիրէ անհուն կերպով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հաւատքը պարգեւ մըն որ վառ կը պահէ խոր ու գեղեցիկ հաւաստիք մը.  Զաւակներ ենք սիրուած Աստուծմէ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ուրբաթ 12 յուլիսին հրապարակած թուիթը որուն մէջ անգամ մը եւս կը հաստատէ որ հաւատքը պարգեւ մըն է ու այդ պարգեւը մեզի կու տայ նաեւ հաւաստիութիւն՝ թէ մենք Աստուծոյ զաւակներ ենք ու թէ Ան մեզ կը սիրէ անհուն կերպով։

Ունկնդրէ լուրը

19 սեպտեմբեր 2016-ին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հաստատած էր. «Պահպանել հաւատքին ճրագը կը նշանակէ պահպանել բան մը, զոր տրուած է մեզի որպէս պարգեւ, եւ եթէ մենք լոյսի մէջ ենք կը նշանակէ  որ  Մկրտութեան օրը ստացած ենք Լոյսի  պարգեւը»։ Քահանայապետը այդ առթիւ զգուշացուցած էր  հաւատքի լոյսի խաւարումի վտանգէն ըսելով «Լոյսը պէտք չէ ծածկել, եթէ դուն լոյսը ծածկես կը դառնաս գաղջ կամ պարզապէս  անունով քրիստոնեայ։  Հաւատքի լոյսը Ճշմարիտ լոյս է , որ Յիսուս մեզի կը շնորհէ Մկրտութեան միջոցաւ, անիկա արուեստական լոյս մը  չէ, այլ խաղաղ ու մեղմիկ լոյս՝ որ երբեք չի մառիր»։   

5 մարտ 2018-ին  Սրբազան Պապը նկատել տուած էր որ  «հաւատքը բեմադրութիւն չէ. Աստուծոյ խօսքն է որ կը ներգործէ սրտերուն մէջ» հուսկ 4 փետրուար 2016-ին ան հաստատած էր  ''Հաւատքը ամենամեծ ժառանգութիւնն է որ կրնանք թողուլ այս աշխարհին մէջ''

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2019, 13:30