Որոնել

Քահանայապետը կ՛աղօթէ Վինսէն Լամպերթի համար։ Քահանայապետը կ՛աղօթէ Վինսէն Լամպերթի համար։  

Քահանայապետը կ՛աղօթէ Վինսէն Լամպերթի համար։

«Ամէն մէկ կեանք արժէքաւոր է։ Միշտ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի լուր 42 ամեայ հիւանդապահ Վինսէն Լամպերթի մահուան, Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հայցեց որ «Հայր Աստուած իր բազուկներուն մէջ ընկալէ Վինսէն Լամպերթը»։ Ան ապա աւելցուց «Ամէն մէկ կեանք արժէքաւոր է։ Միշտ» թելադրելով «չի կառուցել քաղաքակրթութիւն մը որ կը վերացնէ մարդիկը, որոնց կեանքը  կը նկատենք ապրելու անարժան։

42 Ամեայ Վինսէն Լամպերթը  ժամանակէ ի վեր հիւանդ էր եւ կը գտնուէր անգիտակից իրավիճակի մէջ, թէեւ ան կը շնչեր կանոնաւոր կերպով ու սրտին տրոփումը սովորական էր։Անցեալ 2 Յուլիսին բժիշկները որոշեցին դադրեցնել անոր սնուցումը զայն մահուան առաջնորդելու նպատակով։

Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը երէկ հրապարակած էր այլ թութ մը որուն մէջ հաստատած էր որ  «Ընկերութիւն մը մարդկային է  երբ կը պաշտպանէ կեանքը, կը պաշտպանէ իւրաքանչիւր կեանք՝ սաղմէն մինչեւ մահ, առանց որոշելու թէ, ո՞վ է ապրելու արժանի կամ նուազ արժանի»։ Ան ապա շեշտը դրած էր բժիշկներու առաքելութեան վրայ հաստատելով« Բժիշկները թող ծառայեն կեանքին եւ ոչ թէ զայն խլեն:» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2019, 14:00