Սուրբ Երկրի  կաթողիկէ եպիսկոպոսները Սուրբ Երկրի կաթողիկէ եպիսկոպոսները 

Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ եպիսկոպոսները կը դատապարտեն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն դէմ կատարուած ոճրային արարքները:

Վերջերս Գալիլիոյ մէջ անյայտ մարդիկ ինքնաշարժներ կործանած եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններու դէմ անարգանքի գրութիւններ կատարած են պատերուն վրայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 22 յուլիսին, Սուրբ Երկրի մէջ կաթողիկէ եպիսկոպոսները հրապարակած են յայտարարութիւն մը , որուն մէջ դատապարտած են վերջերս Սուրբ Երկրէ մէջ տեղական եկեղեցիներուն դէմ կատարուած ոճրային, անարգանքի արարքները՝ գործադրուած կարգ մը ծայրայեղ հրէայ խումբերու կողմէ:
Եպիսկոպոսները իրենց դժգոհութիւնն ու դառնութիւնը յայտնած այն գծով, որ սոյն արարքներու դէմ ներկայացուած բողոքներուն հանդերձ, պետութիւնը ոչ կը հետապնդէ եւ ոչ իսկ կը պատժէ յանցագործները:

Յայտնենք, թէ ուրբաթ, 19 յուլիսին, Գալիլիոյ մէջ անյայտ մարդիկ, ինքնաշարժներ կործանած եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններու դէմ անարգանքի գրութիւններ կատարած են պատերուն վրայ:
Մինչ՝ 12 յուլիսին, քրիստոնեայ հաւաքավայրի մը մէջ կազմակերպուած տօնակատարութեան մը ընթացքին անյայտ անձեր տարբեր առարկաներով հարուածած են հաւատացեալները:
Նշեալ երկու անարգանքի արարքները կը վերագրուին այն միեւնոյն ծայրայեղ հրէայ մարդոց, որոնք վերջին տասնեակ տարիներուն, յարձակումի թիրախ դարձուցած էին կարգ մը մզկիթներ ու եկեղեցիներ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2019, 13:17