Որոնել

Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ 

Ռատիօ Վատիկանի կարճ ալիքները Քահանայապետը կը տանին Ամազոնիա։

Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի Պրազիլական բաժանմունքը կը վերսկսի կարճ ալիքներով սփռումները դէպի Ամաոզնիա տարածաշրջան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

61 տարիներէ ի վեր, Պրազիլը ու Պրազիլցիները կ՛ունկնդրեն Քահանայապետի ձայնը՝ շնորհիւ Ռատիօ Վատիկանին։ Յառաջիկայ օգոստոս մէկէն սկսեալ, Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի Պրազիլական բաժանմունքը, հակիրճ ժամանակահատուածի դադարէ մը ետք կը վերսկսի կարճ ալիքներով իր սփռումները դէպի Ամազոնեան տարածաշրջան, ի տես նաեւ յառաջիկայ Հոկտեմբերին Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ 6 – 27 հոկտեմբեր 2019-ին։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական ձայնասփիւռը այս քայլով կ՛ուզէ յատուկ ուշադրութիւն յատկացնել Պրազիլի կարեւոր մէկ երկրամասին ուր Ռատիօն կը հանդիսանայ հաղորդակցութեան հիմնական միջոց։

Քահանայապետի ձայնը այդպէսով հասանելի պիտի ըլլայ 25 միլիոնէ աւելի անհատներու, որոնք կ՛ապրին մոլորակի կանաչ թոք հանդիսացող այդ շրջանին մէջ։

Վերոնշեալ որոշումը կայացաւ այն հիման վրայ թէ բոլորն ալ իրաւունք ունին ունկնդրելու Քրիստոսի պատգամը։

Նշենք թէ Ռատիօ Վատիկանի Պրազիլական բաժանմունքի հաղորդումները ծնունդ առած են 1958-ի մարտին, Ռատիօ Վատիկանի հիմնադրութիւնէն (12 փետրուար 1931)  27 տարիներ ետք եւ ան մաս կը կազմէ 40 լեզուական խմբագրութիւններուն, որոնք համայն աշխարհին մէջ կը տարածեն Քահանայապետին ձայնը, Եկեղեցւոյ ուսուցումները ու Աւետարանի լոյսին ներքոյ միջազգային ընթացիկ իրադարձութիւններու նորութիւնները։

Պրազիլական բաժանմունքը իր հիմնադրութենէն ասդին հետեւած է 7 պապերու, սկսեալ Պիոս ԺԲ Քահանայապետէն մինչեւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Անոր սփռումներու 50-րդ տարեդարձին առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բաժանմունքին՝ Աւետարանի հռչակումին ի նպաստ անոր տարած ծառայական աշխատանքին ու Եկեղեցւոյ եւ Պրազիլի ժողովուրդին միջեւ հաղորդութիւնը խթանելուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2019, 09:43