Որոնել

Վինսենթ Լամպերթի առ ի զօրկացութիւն Փարիզի մէջ ցոյցեր Վինսենթ Լամպերթի առ ի զօրկացութիւն Փարիզի մէջ ցոյցեր 

Իր մահկանացուն կնքեց Վինսէն Լամպերթը։

Վինսէն Լամպերթը յառաջիկայ 20 սեպտեմբերին 43 տարեկան պիտի դառնար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 11 յուլիսին, առաւօտեան, Ֆրանսայի հիւսիսային շրջանը գտնուող Ռեմս անուան հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Վինսենթ Լամպերթը, որուն, իրաւական երկար պայքարէ ետք դադրեցուցած էին ջուրի եւ սնունդի մատակարարումը։
Այս առնչութեամբ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի առժամեայ տնօրէն, Ալեստանտօ Ճիզոթթի հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը

«Սրտի խոր ցաւով ստացանք Վինսենթ Լամպերթի գուժը։ Կ՝աղօթենք, որպէսզի Աստուած զայն ընդունի իր Տան մէջ եւ մեր մօտիկութիւնը կը յայտնենք անոր սիրելիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք յանձնառու եղան՝ նուիրուածութեամբ խնամք տանելու անոր։ Յիշենք եւ կը վերահաստատենք այս ցաւալի պատահածին կապուած Նորին Սրբութեան յայտարարութիւնը «Աստուած միակ Տէրն է կեանքին՝ բնական կեանքի սկիզբէն մինչեւ վերջ, եւ մեր պարտականութիւնն է միշտ զայն պաշտպանել եւ չենթարկուիլ մեկուսացումի մշակոյթին։ » Նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեան մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2019, 12:44