Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարօ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարօ 

Սեպտեմբերի 21ին Սրբազան Պապը կʼայցելէ Ալպանոյի եկեղցին

1953ի սեպտեմբերի 21ը, Մատթէոս Աւետարանիչի տօնը, Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպման թուականն է քահանայի մը հետ, զոր Սրբազան Հայրը շատ կարեւոր նկատած է իր կոչումին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի հաստատած է Ալպանոյի եպիսկոպոս Գերպ. Մարչելլօ Սեմերարոյի յայտարարութիւնը, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ յառաջիկայ սեպտեմբերի 21ին պիտի այցելէ Ալպանոյի եկեղեցին։

Ունկնդրէ լուրը

1953ի սեպտեմբերի 21ը, Մատթէոս Աւետարանիչի տօնը, Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպման թուականն է քահանայի մը հետ, զոր Սրբազան Հայրը շատ կարեւոր նկատած է իր կոչումին համար։ Գերպ. Սեմերարօ ըսած է. «յիշելով այդ թուականը առաջարկեցի Սրբազան Պապին որ իր այդ հոգեւոր հանդիպումը վերապրի մեր հետ միասին։» Եպիսկոպոսը յիշած է, թէ զուգադիպութիւն է, որ 2008 թուականի սեպտեմբերի 21ին Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետ այցելած էր Սան Փանքրացիօ տաճարը, օծելու համար նոր խորանը եւ բացումը կատարելու եպիսկոպոսական նոր գահին։ Այդ թուականը կը պահուի իբր Սան Փանքրացիօ տաճարի նաւակատիքի օրը։

Սրբազան Պապը դրական պատասխան տուած է Գերպ. Սեմերարոյի խնդրանքին։ Ան սեպտեբմերի 21ի յետմիջօրէին պիտի հասնի Ալպանօ եւ պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագին։ Եպիսկոպոսը ըսած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապի հանդէպ երախտագէտ հոգիով այս լուրը պիտի հաղորդէ իր հաւատացեալներուն։ Սոյն թուականը պիտի նշէ նաեւ հովուական նոր տարւոյն սկիզբը, որուն մանրամասնութիւնները եւ ծրագիրները պիտի յայտարարուին իրենց հերթին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2019, 07:48