Որոնել

Լամպերթի Վինսենթին ծնողքը Լամպերթի Վինսենթին ծնողքը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 յուլիսի թուիթը: Պաշտպանել կեանքը :

Բժիշկները թող կեանքին ծառայեն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Մահուան սեմին գտնուող, 42 ամեայ Ֆրանսացի հիւանդապահ Վինսենթ Լամպերթի ի լուր որ անցեալ 2 յուլիսէն զրկուած է ջուրէ ու սնունդէ եւ կը գտնուի Ֆրանսայի հիւանդանոցի մը մէջ, ֆրանչիսոկս Պապ 10 յուլիսին, հրապարակելով նոր թուիթ ընդգծեց կեանքի պաշտպանութեան հրամայականը:

«Աղօթենք հիւանդներուն, որոնք լքուած են, որ մեռնին : Ընկերութիւն մը մարդկային է  երբ կը պաշտպանէ կեանքը, կը պաշտպանէ իւրաքանչիւր կեանք՝ սկիզբէն մինչեւ բնական վախճան, առանց որոշելու թէ, ով արժանի է կամ նուազ արժանի ապրելու: Բժիշկները թող ծառայեն կեանքին եւ ոչ թէ զայն խլեն:» Գրեց ֆրանչիսկոս Պապ: 
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2019, 15:04