Որոնել

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը 

Պենետիկտոս ԺԶ-ի անակնկալ այցելութիւնը Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապտեական ամարանոց։

Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցը՝չորս դարերէ ի վեր հանդիսացած էր Քահանայապետերու ամարային հանգստեան վայր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի  25 Յուլիսի երեկոյեան Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը դուրս եկաւ Վատիկանէն ուր բնակութիւն հաստատած է իր հրաժարականէն ի վեր ու անակնկալ այցելութիւն տուաւ Հռոմի «Քասթելլի Ռոմանի» շրջան,  ուր կը գտնուի նաեւ Քասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցը։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ լուրը Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի նորանշանակ տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունիին հաստատեց նոյնինքն Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի յատուկ քարտուղարը Գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյնը։

Նշենք թէ  2015-էն ի վեր այս առաջին անգամն է որ Վաստակաւոր Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ Քասթել Կանտոլֆօ։

Հինգշաբթի երեկոյեան Ան Վատիկանէն փոխադրուեցաւ ինքնաշարժով ու առաջին հանգրուան կատարեց Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական պարտէզներ, ուր ան կը սիրեր իր արձակուրդները անցնել։ Մէկ ու կէս ժամ այնտեղ մնալէ յետոյ, ու սուրբ վարդարանի  ջերմեռանդական աղօթքը արտասանելէ ետք, Վաստակաւոր Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Ռոքքա Տի Փափա, «Մատոննա Տէլ Թուֆօ» սրբավայր ու սրբավայրի 15-րդ դարու կառուցուած մատրան մէջ պահ մը աղօթելէ ետք այցելութիւն տուաւ Ֆրասքաթի թեմի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ռաֆֆայելլօ Մարթիննելլիին, որուն ընթրիքի հիւրը հանդիսացաւ։

Վաստակաւոր Քահանայապետը Վատիկան վերադարձաւ երեկոյեան 22.30-ին ու անոր կ՛ընկերանար իր յատուկ քարտուղարը ու Քահանայապետական Տան կառավարիչ՝ գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյնը։

Նշենք թէ Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցը՝չորս դարերէ ի վեր հանդիսացած էր Քահանայապետերու ամարային հանգստեան վայր։ Ուրպանոս Ը Քահանայապետը եղաւ առաջինը որ սկիզբ տուաւ այդ աւանդութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապը սակայն, Քահանայապետ ընտրութենէն ասդին, որոշեց  արձակուրդները  անցնել Վատիկանի մէջ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2019, 10:24