Որոնել

Լուսին Լուսին 

50 տարի առաջ Պօղոս Զ Պապը Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը նուիրեց առաջին մարդ էակին լուսնի վրայ ոտք դնելուն:

Պօղոս Զ Պապը Լուսնի առաքելութիւնը նկատած էր հրաշալի եւ եզակի, աներեւակայելի իրողութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յիսուն տարի անցաւ այն օրէն երբ՝ 13 յուլիս 1969-ին, Պօղոս Զ Պապը, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը նուիրեց Ամերիկացի աստղանաւորդներուն դէպի լուսին կատարած առաքելութեան: Նեյլ Արմսթրոնկ առաջին մարդ էակն է, որ ոտք դրաւ լուսնի վրայ, դէպք մը, զոր Պօղոս Զ Պապը նկատած էր  հրաշալի եւ եզակի, աներեւակայելի իրողութիւն, որուն մասին ոչ իսկ կարելիէ էր երազել եւ որուն գաղափարը յղացած ապա իրականացուցած է մարդ արարածը: Ըսած էր Սուրբ Պապը մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան մէջ :

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա ընդգծած էր, որ մարդ էակին լուսնի վրայ ոտք դնելու ձեռնարկը, խթան է մտածելու մարդուն ով ըլլալու մասին, մարդու կարողութեան մասին, որ դիւարբեկ եւ փոքրիկ արարած մըն է, սակայն կը յաղթահարէ ըլլայ ժամանակին ըլլայ վայրի: Սուրբ Պապը ապա հրաւիրած է աղօթելու առասպելական այդ ձեռնարկը յղացող մարդոց համար:

Կիրակի, 20 յուլիս՝ 1969ին, Պօղոս Զ Պապը կիրակնօրեայ մարեմեան խորհրդածութեան մէջ դարձեալ անդրադառնալով ամերիկացի աստղանաւորդներուն լուսին կատարած առաքելութեան այս անգամ հրաւիրած է խոկալու տիեզերքի մասին, որ մեր առջեւ կը բանայ խորհդաւոր եւ լուռ դիմագիծ մը:

Պօղոս Զ Պապը հրաւիրած է մտածելու գիտութեան արձանագրած յաջողութիւններուն մասին, ընդգծելով որ մարդկութեան գիտական զարգացումը, այսօր ձեռք բերած է անհասանելի նպատակ մը : Ան ապա զգուշացուցած է մարդու կողմէ ստեղծուած արդիւնաբեր գործիքներուն օգտագործումէն, յորդորելով որ մարդը պէտք չէ բանտարկուի իր իսկ ստեղծած գործիքներուն եւ միջոցներուն ներքեւ:

Պօղոս Զ պապ կ՝ընդգծէ, որ ամէն ինչ կախեալ է մարդու սիրտէն: Մարդուն սիրտը պէտք է աւելի բարի, ազատ եւ կրօնաւոր ըլլայ՝  մարդու տրամադրութեան տակ գտնուող, վտանգաւոր զէնքերուն եւ գործիքներու կարողութան զօրութենէն:

Ան ապա մաղթած է որ այդ աներեւակայելի մարդու արձանագրած յաջողութիւնը, նպատակաուղղուած ըլլայ մարդկութեան բարիքին ի սպաս:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2019, 14:04