Որոնել

Գերապայծառ Իվան Իւրքովիչ Գերապայծառ Իվան Իւրքովիչ 

Գերապայծառ Իվան Իւրքովիչի ելոյթը ՄԱԿ-ի բռնի ներգաղթի մասին գումարած ընդհանուր նիստին:

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը բռնի տեղահանուածներու բարձր թիւը նկատած է վկայութիւն թէ որքան մարդիկ կը տառապին աւելի լաւ կեանք փնտռելու, ապահով, խաղաղ եւ արժանավայել կեանք որոնելու համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Բռնի ներգաղթի հարցը, ոչ միայն բախտի հարց է կամ ալ աւելի լաւ կեանք որոնումի հետեւանքն է , այլ յաճախ այդ երեւոյթը պատճառուած է սխալ եւ անարդար քաղաքականութենէ կամ ալ ցեղապաշտ նախապաշարումի դրսեւորումներէ:

Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ, գերապայծառ Իվան Իւրքովիչը, ՄԱԿ-ի բռնի ներգաղթի երեւոյթի մասին գումարած 41- նստաշրջանին ընթացքին:Ան նշած է, որ աշխարհի մէջ կան աւելի քան 41 միլիոն անձ, որոնք ստիպուած եղան լքել իրենց բնակարաններն ու աշխատավայրերը ու կայք հաստատել իրենց երկիրներուն սահմանգիծերուն մօտակայքը : Ըսած է գերապայծառը դիտել տալով որ այդ Թիւը 2018-ին, բարձրացած է 28 միլիոնով, որոնցմէ շատերը իրենց բնակարանները լքած են բնական աղէտներուն պատճառաւ : 

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը ապա բռնի տեղահանուածներու բարձր թիւը նկատած է վկայութիւն է թէ որքան մարդիկ կը տառապին աւելի լաւ կեանք փնտռելու, ապահով խաղաղ եւ արժանավայել կեանք որոնելու համար:
Գերապայծառ Իվան ընդգծած է թէ
Բռնի տեղահանուածներուն իրաւունքները երաշխաւորելու համար, պէտք է իբրեւ ուղեգիծ ունենալ մարդկային անձին կեդրոնականութիւնը :

Ան յորդորած է որոնել տեղահանուածներուն պատճառները քաջութիւն ունենալ վերջ դնելու հակամարտութիւններուն որոնք կը սերմանել ատելութիւն ու վրէժխնդրութիւն:
Ան քաջալերած է պայքարիլ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ի խնդիր, ձեռնարկել միջ կրօնական երկխօսութեան ծրագիրներ յարգելով մարդկային իրաւունքներն ու հիմնական ազատութիւնները:

Գերապայծառ Իվան եզրափակած է իր խօսքը ի յայտ դնելով բռնի տեղահանուածներուն ի սպաս տարբեր կրօնական կազմակերպութիւններու ցուցաբերած հոգեւոր եւ նիւթական եւ հոգեւոր օժանդակութիւնները : Ան յիշածէ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ յաճախ նկատել տուած է թէ քիչերու կողմէ բնական հարստութիւններու շահագործումը եւ կենսոլորտի կապուած հարցերը թիրախ կը դարձնէ ամենէն շատ աղքատները:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2019, 11:25