Ափրիկէի մէջ աղքատ, անօթի մանուկներ Ափրիկէի մէջ աղքատ, անօթի մանուկներ 

ՄԱԿի Տեղեկատուութիւնը սովի շուրջ. Սուրբ Աթոռը կը խրախուսէ ընել աւելին եւ աճիլ զօրակցութեան մէջ

ՄԱԿի տեղեկատուութիւնը հրապարակուած է երեքշաբթի, յուլիս 16ին Նիւ Եորքի մէջ։ Փաստաթուղթը ներկայացուած է ՄԱԿի հինգ բաժանմունքներու կողմէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ըստ 2018 թուականի համար ՄԱԿի ուտեստեղէնի ապահովութեան եւ սնունդի մասին հրապարակած տուեալներուն, աշխարհի շուրջ աւելի քան 820 միլիոն մարդիկ բաւարար սնունդ չեն ունեցած։ ՄԱԿի «սնունդի եւ գիւղատնտեսութեան» բաժանմունքի (Fao) մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդը, Գերապայծառ Ֆերնանտօ Արելլանօ ըսած է թէ «մարդկութիւնը իր պարտականութիւնը բաւարար կերպով չէ կատարած աղքատ եղբայրներու հանդէպ»։

ՄԱԿի տեղեկատուութիւնը հրապարակուած է երեքշաբթի, յուլիս 16ին Նիւ Եորքի մէջ։ Փաստաթուղթը ներկայացուած է ՄԱԿի հինգ բաժանմունքներու կողմէ։ Փաստաթուղթը տեղեակ կը պահէ ՄԱԿի առաջադիր երկրորդ նպատակի, կայուն զարգացման շուրջ կատարուած ընթացքին։ Ըստ այդ առաջադիր նպատակին աշխատանք կը տարուի յաղթահարել սովը, հաստատել սննդային ապահովութիւն եւ մինչեւ 2030 թուական վերջ դնել վատ սնուցման բոլոր ձեւերուն։

Արդէն երրորդ տարին է որ աշխարհի շուրջ տարածուած սովէ տառապող մարդոց թիւը չի նուազիր։ 2018 թուականին այդ թիւը կը գերազնցէր 820 միլիոնը, մինչ 2017ին թիւը կը հասնէր 811 միլիոնի։ Նուազ կշիռքով ծնած երեխաներու թիւը կը հասնի 20,5 միլիոնի, այսիքն 7 նորածինէն մէկը։ 5 տարեկանէն վար մանուկներու թիւը որոնք չունին բաւարար սնունդ, կը հասնի 148,9 միլիոնի իսկ անոնց թիւը որոնք սնունդի ծանր տագնապի մէջ են կը հասնի 49,5 միլիոնի։ Սովը յատկապէս կ՚աճի այն երկիրներուն մէջ ուր տնտեսական աճը ետ մնացած է, մասնաւորապէս հոն ուր համեստ եկամուտ կայ եւ ուր կը գերիշխէ նախնական նիւթերու կամ հումքի միջազգային առեւտուրը։ ՄԱԿի տեղեկատուութիւնը նաեւ կը բացայայտէ, թէ աշխարհի շուրջ կ՚աճի գիրութիւնը, յատկապէս դպրոցկան տարիքի երեխաներու եւ չափահասներու մօտ։ Սննդային անապահովութեան հաւանականութիւնները աւելի են կիներու մօտ, մասնաւորապէս Լատին-Ամերիկայի մէջ։

Գերպ. Արելլանօ կը նկատէ. «տեղեկատուութիւնը մեզի կ՚ըսէ, թէ սնունդի անբաւարարութենէ տառապողներ ո՛չ հանգիստ ներկայ մը ունին եւ ո՛չ ալ լուսաւոր ապագայ մը։ Միջազգային հասարակութիւնը պէտք է աւելին ընէ, սակայն կը բացակայի կամքը՝ յատկապէս վերացնելու պատճառները, ինչպէս՝ հակամարտութիւններ, տնտեսական տագնապ եւ կլիմայական փոփոխութիւններ»։

Սնունդի անբաւարարութենէ եւ սովէ տառապողներու մեծամասնութիւնը (500 միլիոն) կ՚ապրին Ասիոյ  յատկապէս հարաւային կողմը։ Նաեւ Ափրիկէի մէջ վիճակը ծայրայեղօրէն ահազանգիչ է։ Այնտեղ կը գտնենք սովի մեծագոյն տոկոսը, որ կը շարունակէ աճիլ դանդաղօրէն եւ սակայն տեւաբար։ Յատկապէս Ափրիկէի արեւելեան կողմը բնակչութեան 30,8 տոկոսը բաւարար սնունդ չունի։ Բացի կլիմայի խնդէն եւ հակամարտութիւններէն նաեւ տնտեսական տագնապը պատճառներէն մին է։ Գերպ. Արելլանօ կ՚ընդգծէ, թէ «բոլորս ալ կրնանք նպաստ մը բերել պայքարելու սովի դէմ» յատկապէս ուտելիք չվատնելով եւ չսայթաքելով անտարբերութեան մէջ, ինչպէս է պարագան «բարի սամարացիի» առակի դերակատարներուն։ «Միջազգային հասարակութիւնը պէտք է աճի զօրակցութեան մէջ, որովհետեւ զօրակցութիւնը եւ խաղաղութեան ի նպաստ ներդրում կատարելը միջոց են պայքարելու սովի դէմ»։

Գերպ. Արելլանօ հարցազրոյցի մէջ կու տայ վիճակագրական յաւելեալ տուեալներ։ Ասիոյ մէջ սովէ տառապողներու թիւը 513,9 միլիոն է, Ափրիկէի մէջ՝ 256,1 միլիոն, Լատին-Ամերիկայի մէջ՝ 42,5 միլիոն։ Գիրութեամբ տառապող չափահասներու թիւը 672 միլիոն է։

Տարւոյս յունիսի 27ին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունած էր ՄԱԿի «սնունդի եւ գիւղատնտեսութեան» (Fao) բաժանմունքի ժողովը, շեշտելով թէ սովի խնդիրը պէտք է ներգրաւէ բոլորը, որովհետեւ անհատի մը տառապանքը բոլորի տառապանքն է։ Ան կոչ ուղղած էր որ ջուրը խնամքով գործածուի, ուտելիքի արտադրանքը եւ բաժանումը ըլլայ արդար. որովհետեւ մինչ որոշ երկիրներու մէջ ուտելիքը առատ է, այլ երկիրներու մէջ, եւ յատկապէս Ափրիկէի ստուար տարածաշրջաններու մէջ ան պակաս է։ Այս անհաւասարութիւնը իսկապէս դաժան է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2019, 12:37