Գերապայծառ Քանքալամանակէ Գերապայծառ Քանքալամանակէ 

Քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նոր քարտուղար:

Միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդը եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորագոյն բաժանմունքն է, ոչ միայն ժողովուրդներու միջեւ համակեցութեան համար այլեւ Աստուծոյ խորհուրդը խորացնելու համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 3 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ, Միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նոր քարտուղար նշանակեց միեւնոյն խորհուրդի ենթաքարտուղարի պաշտօնը վարած գեղապայծառ Indunil Janakaratne Kodithuwakku Kankanamalage:
Սրի Լանքայի թեմի պատկան 53 ամեայ Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի նորանշանակ քարտուղարը ծնած է 1966-ին, Կաթողիկէ դաւանանքի դարձի եկած մօրմէ մը:

Ան 2002 թուականին Հռոմ փոխադրուելով, Աստուածաբանութիւն դասաւանդած է  Ուրպանիա Քահանայապետական Համալսարանէն ներս:
12 յունիս 2012ին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապի օրով նշանակուած է Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի ենթաքարտուղար:
Նոր Պաշտօնին առիթով, Գերապայծառ Indunil Janakaratne Kodithuwakku Kankanamalage Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդին կարեւորութեան, զայն նկատեց եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորագոյն բաժանմունքը, ոչ միայն ժողովուրդներու միջեւ համակեցութեան համար այլեւ Աստուծոյ խորհուրդը խորացնելու համար դառնալով «Փրկութեան երկխօսութիւն» մը:

Նշենք, որ Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի նորանշանակ քարտուղարը կը յաջորդէ Սպանացի Գերապայծառ Անճէլ Այուզօ Կիսոյին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2019, 11:35