Իր հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Ժայմ Օրթեկա։ Իր հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Ժայմ Օրթեկա։ 

Իր հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Ժայմ Օրթեկա։

Կարդինալ Օրթեկա 34 տարիներ ամբողջ ծառայացած է որպէս Քուպայի Սան Քրիսթոպալ Տէ լա Հապանայի Արքեպիսկոպոս հիւրընկալելով երեք Քահանայապետերու այցելութիւնները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քուպայի Սան Քրիսթոպալ Տէ լա Հապանայի երբեմնի Արքեպիսկոպոսս Կարդինալ Ժայմ Լուքաս Օրթեկա՝ 26 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 6-ին, 82 տարեկանին իր հոգին աւանդեց առ Հայր յետ քաղցկեղի հիւանդութեան դէմ մղած երկարատեւ  պայքարի։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ծնած էր 18 հոկտեմբեր 1936-ին՝ Մաթանծաց Թեմի պատկան Եակէյ Կրանտէ քաղաքին մէջ։ Քահանայական  կազմաւորումը ընդունած էր թեմական նորընծայարանէն ներս ու աստուածաբանական ուսումները աւարտած Քանատայի մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 2 օգոստոս 1964-ին Մաթանծացի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։ 1966-ին 8 ամիսներու տեւողութեամբ ազատութենէ կը զրկուի ու կ՛ուղարկուի աշխատանքային  ճամբար։ 1967-ին ազատ արձակուելէ ետք կը նշանակուի իր ծննդավայրի ժողովրդապետ ու երկու տարիներ ետք կը ստանձնէ Մաթանծասի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը։

4 դեկտեմբեր 1978-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զայն կը նշանակէ Փինար Տէլ Ռիօ թեմին առաջնորդ։ 20 Նոյեմբեր 1981-ին կը դառնայ Սան Քրիսթոպալ Տէ Լա Հապանայի Արքեպիսկոպոս ուր իր ծառայութիւնը կը մատուցէ 34 տարիներ ամբողջ,  յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով  մասնաւորապէս երիտասարդներուն որոնց համար կը հիմնէ հանդիպման ու կազմաւորումի կեդրոններ։ 1991 կը հիմնէ Հապանայի Քարիթասը։ Թէեւ տեղական եկեղեցին հաղորդակցութեան միջոցներու հնարաւորութենէ զուրկ էր ան կը կարողանայ իր ձայնը հասցնել ժողովուրդին։

Քուպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ կ՛ընտրուի չորս անգամներ ու 1998-ին ինք կ՛ըլլայ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը հիւրընկալողը, անոր Քուպա կատարած պատմական այցելութեան առթիւ, ու նոյնը կ՛ընէ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին հետ 2012 թուականին։ Միշտ Կարդինալ Օրթեկան է  որ 2015-ին ապա 2016-ի փետրուար 12-ին կը հիւրընկալէ  Ֆրանչիսկոս Պապը՝ այս վերջինիս Մոսկուայի Կիւրեղ Պատրիարքին հետ Քուպայի մէջ ունեցած պատմական հանդիպումին առթիւ։

Կարդինալ Օրթեկա Ծիրանաւորի տիտղոսն ու պատիւը ընդունած է 26 նոյեմբեր 1994-ին ու 2005-ին մասնակցած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընտրող կարդինալական  ժողովին ու 2013-ին Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութեան։

Կարդինալ Օրթեկան 26 ապրիլ 2016-ին հրաժարած էր ի պաշտօնէն։ Անոր մահով Կարդինալական դասի թիւը կ՛իջնէ 217-ի։ Անոնցմէ  120 կը մնան Քահանայապետ  ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ ու 97 ոչ ընտրող։ Առ այժմ կարդինալական դասին մէջ Քուպան ներկայացնող  ուրիշ կարդինալ չկայ։

Քահանայապետին ցաւակցագիրը

Կարդինալ Օրթեկայի մահուան ի լուր Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին որուն միջոցաւ ապահովեց Քահանայապետին աղօթքները ննջեցեալի հոգւոյն հանգստեան համար ու Նորին Սրբութեան ցաւակցութիւնները Ծիրանաւորի ընտանեկան պարագաներուն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2019, 10:57