Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռուսիոյ դանշութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ռուսիոյ դանշութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին 

Գերապայծառ Փեցցի «Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Փութինի միջեւ հանդիպումը նշան է երկխօսութեան»։

ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ այսօրուան հանդիպումը երրորդ հանդիպումն է :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մոսկուայի թեմի Արքեպիսկոպոս Մետրոպոլիտ գերապայծառ Փաուլօ Փեցցի, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացին մեծ խանդավառութեամբ արտայայտուեցաւ անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Փութինին միջեւ այսօր 4 յուլիսին Վատիկանի մէջ կայանալիք հանդիպումին: Ան նշեց , որ այսօրուան հանդիպումը շարունակութիւնն է երկար ժամանակէ սկիզբ առած երկխօսութեան:

Գերապայծառը յայտնեց թէ ինք տեղեակ չէ հանդիպումի օրակարգէն, սակայն կրնայ երեւակայել որ հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի շօշափէ իր սիրտին խօսող նիւթեր, ինչպէս խաղաղութեան զարգացման, հասարակաց տան խնամքի եւ արարչագործութեան պաշտպանութեան հայող նիւթեր : ըսած է Մոսկուայի թեմի Արքեպիսկոպոսը:

Նշենք թէ, ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ այսօրուան հանդիպումը  երրորդն է: Առաջինը տեղի ունեցած է 25 նոյեմբեր 2013-ին, երկրորդը 10 յունիս 2015ին:

Սուրբ Աթոռի եւ Ռուսիոյ Tաշնութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները ամրապնդուած են 2009ին, մինչ՝ 1990-ին, հաստատուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները: Մոսկուայի թեմի արքեպիսկոպոսին փոխանցմամբ, Ռուսիան էական դեր ունի աշխարհի մէջ խաղաղութեան գործընթացին համար եւ Ռուսիոյ միջոցաւ կարելի է խաղաղութեան նպատակի հասնիլ ինչ որ յոյժ կը հետաքրքրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ յաճախ կրկնած է Ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան գործընթացի հրամայականը:

Գերապայծառ Փեցցի յայտնեց նաեւ թէ ինք չի կարծեր որ Փութինը Վատիկան եկած է ֆրանչիսկոս Պապը Ռուսիա հրաւիրելու համար,  ինչ որ շատ մաղթելի է ըսաւ ան,  ապա ընդգծեց, թէֆրանչիսկոս Պապ յոյժ կարեւոր կը նկատէ, որ որոշ երկիր մը այցելելու հրաւէրը ստանայ այդ երկրի քաղաքական իշխանութեան կողմէ,  սակայն միաժամանակ յոյժ կարեւոր է նաեւ որ այցելութեան հրաւէրը ստանայ նաեւ երկրի կրօնական իշխանութեան կողմէ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2019, 10:46