Որոնել

 Հողամասեր ուր տեղի կ՝ունենան կրօնական հալածանքներ Հողամասեր ուր տեղի կ՝ունենան կրօնական հալածանքներ 

Կրօնական հալածանքները՝ ահազանգիչ իրականութիւն:

Պահել քրիստոնէական համայնքներու ներկայութիւնը այնպիսի վայրերու մէջ ուր անոնք փոքրամասնութիւն են, աւելի է քան միայն խորհրդանշանական ներկայութիւն.:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի պետական քարտուղարութեան արտաքին գործերու բաժանմունքի ենթաքարտուղար Գերպ. Անթուան Քամիլլիերի, երեքշաբթի յուլիս 16ին, Հռոմի Սան Պարթոլոմէօ տաճարի մէջ ունեցած զեկոյցին մէջ յայտարարած է թէ ազգայնականութիւնը եւ ծայրայեղականութիւնը սպառնալիք են մարդկային արժանապատուութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Գերպ. Քամիլլիերի նկատած է, թէ «պահել քրիստոնէական համայնքներու ներկայութիւնը այնպիսի վայրերու մէջ ուր անոնք փոքրամասնութիւն են, աւելի է քան միայն խորհրդանշանական ներկայութիւն. անիկա առաւել եւս հաւատքի ուժեղ վկայութիւն է եւ ապացոյց թէ կրօններու բազմազանութեան մը մէջ կարելի է պահպանել խաղաղ համակեցութիւն մը, եթէ յարգուած է իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը»։

Յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը, Գերպ. Քամիլլիերի ըսած է, թէ քրիստոնէական ներկայութիւնը կʼարտաքսուի հետեւողականօրէն ընկերութիւններէ եւ մշակոյթներէ, նոյնիսկ այն շրջաններուն մէջ, ուր ան սկիզբ առած է։ Սա «ահազանգիչ իրականութիւն մըն է, ձեւով մը ցեղասպանութիւն՝ պատճառուած ընդհանուր եւ հաւաքական անտարբերութենէ»։ Ան ընդգծած է, թէ «անարդար խտրականութիւն, բռնութիւն եւ հալածանք որեւէ մարդկային էակի հանդէպ, եւ ի մասնաւորի հիմնուած կրօնքի եւ հաւատալիքներու վրայ, բարոյապէս անընդունելի եւ դատապարտելի է։ Վերջին տարիներուն ունեցած ենք վկայութիւններ խումբերու եւ անհատներու դէմ կատարուած յարձակումներու մասին, կրօնական տարբեր համոյթներու մէջ՝ կատարուած ահաբեկիչներու, եւ կրօնական ծայրայեղականներու եւ մոլեռանդներու կողմէ, որոնք ոչ մէկ յարգանք ունին այն կեանքերուն հանդէպ որոնք նկատուած են իրենցմէ տարբեր»։

Ֆրանչիսկոս Պապը, 2019 թուականի փետրուարի 4ին ընդգծած էր, թէ վտանգ կը սպառնայ որ «քաղաքականութիւնը ձեռնմուխ ըլլայ կրօնքի»։ Պարագայ մը, ուր ոչ միայն ահաբեկիչներ են դերակատարները։ Նաեւ պետութիւններ, կը շարունակէ Գերպ. Քամիլլիերի «պէտք է իրենք իրենց հարց տան, թէ ի՛նչ չափի յանձնառու են պաշտպանելու կրօնական ազատութիւնը եւ պայքարիլ հալածանքներու դէմ»։ Շատ անգամ պետութիւնները մէկ կողմէ չեն արդարացներ կամ դատապարտեր յիշեալ արարքները, մինչ այլ կողմէ «քաղաքականապէս, տնտեսապէս, առեւտրային եւ զինուորական եւ կամ այլ ուրիշ կերպով կը համագործակցին եւ պարզօրէն կը փակեն աչքերը անոնց դիմաց որոնք ակնյայտնի կերպով կը բռնանան այս հիմնական ազատութեան դէմ»։

Գերպ. Քամիլլիերի «տխուր» կը նկատէ այն հանգամանքը, որ «այդ ոճիրներուն մեծ մասը կը շարունակէ մնալ անպատիժ եւ առաւել եւս նուազ ամօթալի ամաչում կը ցուցաբերուի միջազգային հասարակութեան կողմէ, որ շատ անգամ սակաւ ուշադրութիւն կը շնորհէ այս երեւոյթին։ Այս պատճառով, Սուրբ Աթոռին համար կրօնական հալածանքներու խռովիչ իրականութիւնը ծանր մտահոգութիւն է, ոչ միայն քրիստոնեաներու համար որոնք կը տառապին, այլ նաեւ որեւէ կրօնքի հաւատացեալներու համար։ Այդպիսի հալածանքը յարձակում է մարդկային անհատի ամենէն հիմնական ազատութեան վրայ»։

Երբեմն կրօնական որոշ խտրականութիւն մը կը տեսնենք նոյնիսկ հաստատուն ժողովրդավարութիւններու մէջ, որոնք կը «քրէականացնեն եւ կամ պատիժի կʼենթարկեն կրօնական ղեկավարներ երբ անոնք կը հռչակեն իրենց հաւատքի հիմնական սկզբունքները, յատկապէս երբ անոնք կը հային կեանքի, ամուսնութեան եւ ընտանիքի հարցերու»։

Կրօնական ազատութիւնը ոչ միայն մշակութային կամ իրաւական հարց մըն է, այլ արմատացած է ինքնին անհատի արժանապատուութեան մէջ, եւ «պայման մըն է ճշմարտութիւնը հետապնդելու որ չէ կարելի ոյժով պարտադրել»։ Այս իմաստով «կրօնքը կրնայ ծառայել իբր կարեւոր ազդակ մարդկային ընտանիքի միութեան եւ խաղաղութեան՝ հասարակաց բարիքի հետապնդումով, որ պէտք է սնած ըլլայ երկխօսութեամբ»։

Միջկրօնական եւ միջմշակութային բաց եւ անկեղծ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը միջոցներէն մէկն է գերազանցելու հալածանքները, էական է՝ իւրաքանչիւր անհատ ճանչնալու իբր «համաքաղաքացի»։ Սահմանադրութիւններու մեծ մասը կը հաստատէ, թէ բոլոր քաղաքացիները հաւասար են, եթէ նոյնիսկ «ազգայնականութեան ծագումը որոշ երկիրներու մէջ, միացած կրօնական ինքնութեան թշնամական կեցուածի հետ, կրնայ դիւրութեամբ տանիլ կրօնական ծայրայեղականութեան»։ Անհատներ եւ խմբակցութիւններ, որոնք չեն պատկանիր ցեղային կամ կրօնական մեծամասնութեան կրնան ենթարկուիլ խտրականութեան, մեկուսացումի եւ հալածանքի, որովհետեւ մեծամասնութիւնը պետութիւնը կը նկատէ իբր բացարձակ սեփականութիւն, ի վնաս անոր, որ չի հաւատար իր կրօնքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2019, 17:22