Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մաթթէօ Պրունի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մաթթէօ Պրունի 

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի նոր տնօրէնը սկսաւ իր աշխատանքին

Սրբազան Պապին եւ Սուրբ Աթոռին ծառայութեան հոգիով կը սկսիմ իմ նոր պաշտօնս:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 22 յուլիսին կը սկսի Մաթթէօ Պրունիի աշխատանքը իբր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն։

Մամլոյ ասուլիսին մը ընթացքին նոր անուանեալ տնօրէնը իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսած է. «Այսօր, Սրբազան Պապին եւ Սուրբ Աթոռին ծառայութեան հոգիով կը սկսիմ իմ նոր պաշտօնս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնութեան մէջ, ձեզի 10 տարիներ իմ ծառայութիւնս մատուցանելէ ետք, իմ փորձառութիւններովս եւ իմ տրամադրութեանս տակ գտնուող ոյժերով։» Մաթէօ Պրունի շնորհակալութիւնը կը յայտնէ իր «աշխատակից բարեկամին՝ Ալեսանտրօ Ճիզոթթիին, որ վեհանձնութեամբ եւ իմաստութեամբ ղեկավարած էր մամլոյ գրասենեակը վերջին ամիսներուն»։

Նոր տնօրէնը նկատած է. «գիտակից եմ տեղեկատուութեան նուրբ եւ որոշիչ պարտականութեան եւ ապահով եմ որ ինծի նեցուկ պիտի ըլլան աշխատակիցներս, որոնցմէ Սուրբ Աթոռի համար կատարած աշխատանքին մէջ այս տարիներուն սորվեցայ ճանչնալ արժէքը եւ արհեստավարժութիւնը»
Մաթթէօ Պրունի իր պատգամին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին անոր վստահութեան համար, Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի ղեկավար՝ Փաօլօ Ռուֆինիի անոր բաժանմունքի աջակցութեան համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2019, 11:02