Մարդ արարածը ոտքը կը դնէ լուսնի վրայ Մարդ արարածը ոտքը կը դնէ լուսնի վրայ 

Գիտական բացառիկ առաքելութիւններ եւ Սրբազան Քահանայապետներու ուսուցումը

Երբ կը յիշենք 50 տարիներ առաջ մարդ արարածի լուսնի վրայ էջք կատարելու դէպքը, յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք, տեսնելով թէ ինչ խանդավառութեամբ եւ գնահատանքով Սրբազան Քահանայապետները հետեւած են այդ նուաճումներուն :

Սրբազան Քահանայապետները անտարբեր չեն մնացած մարդ արարածի գիտական կամ թեքնիք նուաճումներուն եւ յատուկ ձեռնարկներուն կամ առաքելութիւններուն հանդէպ։ Երբ կը յիշենք 50 տարիներ առաջ մարդ արարածի լուսնի վրայ էջք կատարելու դէպքը, յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք, տեսնելով թէ ինչ խանդավառութեամբ եւ գնահատանքով Սրբազան Քահանայապետները հետեւած են այդ նուաճումներուն եւ առաքելութիւններուն, քաջալերած են անոնց մասնակիցները եւ իբր բարոյական հեղինակութիւն տուած են իրենց պատգամն ու յորդորը։

1962 թուականի օգոստոսի 12ին, Յովհաննէս ԻԳ. Սրբազան Քահանայապետը, որ խանդավառութեամբ կը հետեւէր անջրպետի մէջ կատարուած նուաճումներուն, Հրեշտակ Տեառան աղօթքի ժամանակ խօսքը կʼուղղէր ունկնդիրներուն. «Մարդիկ, եւ մասնաւորապէս երիտասարդ սերունդները, ոգեւորութեամբ կը հետեւին անջրպետային նաւարկութիւններու զարգացման հիանալի վերելքին։ Ո՜հ, որքա՜ն կը ցանկայինք, որ այս նախաձեռնութիւնները նկատի առնէին Աստուծոյ, արարիչի եւ գերագոյն օրէնսդրի մատուցուած յարգանքի իմաստը։ Այս պատմական իրադարձութիւնները, որոնք պիտի նշուին տիեզերքի գիտական ճանաչումներու տարեգրութիւններուն մէջ, կարողանային դառնալ իսկական եւ խաղաղ առաջընթացի արտայայտութիւն, եւ մարդկային եղբայրութեան ամուր հիմք»։

Իսկ Պօղոս Զ. Քահանայապետ հիացմունքով կʼարտայատուէր լուսնի վրայ էջք կատարելու առիթով. «Փա՛ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խախաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն։ Մենք, խոնարհ ներկայացուցիչներ Քրիստոսի, որ եկաւ մեր մէջ Աստուածային բարձունքներէն, արձագանգել տուաւ այս երանելի կանչը, որուն արձագանգը այսօր մենք կը կատարենք, զայն առնելով իբր տօնակատարութեան օրհներգ մեր երկրագունդի ամբողջութեան կողմէ, ոչ իբր մարդկային գոյութեան իբր անյաղթահարելի սահման, այլ իբր բաց շեմ անսահման տարածքներու եւ նոր նպատակներու ընդարձակութեան։ Փա՛ռք Աստուծոյ եւ պատիւ ձեզի, ճարտարապետներ անջրպետային մեծ ձեռնարկութեան։ Պատի՛ւ պատասխանատու մարդոց, գիտնականներուն, գաղափարի յղացողներուն, կազմակերպողներուն, աշխատողներուն։ Պատի՛ւ բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին քաջարի թռիչքը։ Պատի՛ւ ձեզի բոլորիդ, որ մասնակից էք որեւէ ձեւով։ Պատի՛ւ ձեզի, որ նստած ձեր հիանալի մեքենաներուն ետին, կը ղեկավարէք, որ աշխարհը տեղեակ կը պահէք այն աշխատանքի մասին, որ երկնակամարի խորութեան մէջ կը տարածէ մարդու իմաստուն եւ քաջարի տիրապետութիւնը։ Պատի՛ւ, ողջոյն եւ օրհնութիւն։ Մենք մօտ ենք ձեզի մեր ուխտերով եւ աղօթքներով։ Ամբողջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ միասին ձեզ կʼողջունէ Պօղոս Զ. Քահանայապետը»։

Պիոս ԺԲ. Քահանայապետը, 1955 թուականի հոկտեմբեր 21ին յստակօրէն արտայայտուած էր, թէ գիտական բոլոր հետազօտութիւններու նպատակն է ամբողջ մարդկութեան բարիքը եւ կարող՝ քաջալերելու տիեզերական եղբայրութիւնը։ Ան խօսելով Եւրոպայի Միութեան ռատիօ-սփռումի ընդհանուր համագումարի առիթով, ըսած էր. «դժուար չէ կանխատեսել, թէ մինչեւ ուր այդ խոր գիտակցութիւնը կը ստիպէ մարդիկ իրենք զիրենք համարիլ միշտ նուազ օտար եւ նուած անտարբեր իրարու հանդէպ։ Անոնք պիտի սորվին ուրախանալ անոնց հետ, որոնք կʼուրախանան եւ լալ անոնց հետ, որոնք կու լան։ Անոնց համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ զգալ իբր անդամ միակ եւ մեծ ընտանիքի մը՝ Աստուծոյ ընտանիքին»։

2011 թուականի Մայիսի 21ին Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապ կապուելով միջազգային տիեզերական կայանի աստղանաւորդներուն հետ, յայտնած էր իր երախտագիտութիւնը, հիացմունքը եւ գնահատանքը.
«Սիրելի աստղանաւորդներ, շատ ուրախ եմ որ խօսակցութեան այս արտակարգ առիթը ունիմ ձեզի հետ՝ ձեր առաքելութեան ընթացքին։ Յատուկ կերպով երախտապարտ եմ որ կարող եմ դիմել ձեզմէ շատերուն, նկատի առնելով այս պահուն միջազգային տիեզերական կայանի երկու անձնակազմերու ներկայութիւնը։

Մարդկութիւնը կʼապրի գիտական ճանաչումներու եւ թեքնիք կիրարկումներու շատ արագ յառաջդիմութեան շրջան մը։ Որոշ իմաստով դուք մեր ներկայացուցիչներն էք – մարդկութեան յառաջադէմ կէտը, որ կը հետազօտէ նոր տարածքներ եւ նոր կարելիութիւններ մեր ապագայի համար, գերազանցելով մեր առօրեայ փորձառութիւններուն սահմանները։ Բոլորս ալ կը հիանանք ձեր քաջութեան, կարգապահութեան եւ պարտաճանաչութեան վրայ, որով պատրաստուած էք այս առաքելութեան։ Համոզուած ենք, որ խանդավառուած էք ազնիւ տեսլականներով եւ կʼուզէք ձեր հետազօտութիւններու եւ ձեր առաքելութիւններու պտուղը դնել ամբողջ մարդկութեան տրամադրութեան տակ՝ հասարակաց բարիքին համար։ Այս խօսակցութիւնը ինծի առիթ կու տայ արտայայտելու նաեւ իմ հիացմունքս եւ գնահատանքս ձեզի եւ բոլոր անոնց որոնք կը գործակցին կարելի դարձնելու ձեր ձեռնարկութիւնը եւ ձեզ սրտանց քաջալերելու որ առաքելութիւնը հասցնէք լրումին՝ ապահովութեամբ եւ յաջողութեամբ»։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Վրդ Սագայեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2019, 08:30