Գերապայծառ Սփիթերի Լիբանանի նախագահ Աունի հետ Գերապայծառ Սփիթերի Լիբանանի նախագահ Աունի հետ 

Պաապտայի մէջ. «Վատիկան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կայունութեան» շեշտեց Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակը

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` երկրին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն 17 Յուլիսին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, ընկերակցութեամբ գերապայծառ Իվան Սանթոսի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` երկրին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:

Հանդիպումին ընթացքին Սփիթերի հաստատեց, որ Վատիկան յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կայունութեան եւ միասնականութեան` ողջունելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը, որ իբրեւ օրինակ կը ծառայէ ամբողջ աշխարհին:

Սփիթերի ընդգծեց նաեւ, որ Վատիկան կը զօրակցի «Մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիա» հիմնելու Լիբանանի նախաձեռնութեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Անտրէ Շիտիաքը: Քննարկուեցան ազգային, օրինական եւ սենտիքայական շարք մը կանոններ, որոնց շնորհիւ կարելի է շարունակել փտածութեան դէմ պայքարը:

Շիտիաք յայտնեց, որ սենտիքային բոլոր կարողութիւնները զետեղած է հանրապետութեան նախագահին տրամադրութեան տակ` ազգային նպատակներու գործադրութեան ի խնդիր:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2019, 09:47