Սուրբ Խաչը Սուրբ Խաչը 

Իր հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Փաոլօ Սարտի։

2010-ի «Քոնչիսթորոյի – կարդինալական ժողովի» ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ անոր կը շնորհէ կարդինալական տիտղոսը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ Փիեմոնթէ շրջանէն 84 ամեայ Կարդինալ Փաոլօ Սարտի կարճ հիւանդութենէ մը ետք, 13 յուլիս 2019-ին, Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ կնքեց իր մահկանացուն։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի ժամանակաւոր բանբեր Տիար Ալեսսանտօ Ճիզոթթի։

Ունկնդրէ լուրը

Երջանկայիշատակ ծիրանաւորը ծնած էր 1 սեպտեմբեր 1934-ին։ Երիտասարդ հասակին կը մտնէ Աքուի թեմին նորընծայարան ապա կը յաճախէ Թորինոյի նորընծայարանը մինչ Աստուածաբանական ուսումները կը շարունակէ Հռոմի մէջ՝ Յիսուսեաններու Գրիգորեան Համալսարանին մէջ՝ 1958-ին  աւարտելով աստուածաբանական մասնագիտական ուսմունքը ու նոյն տարուայ յունիս 29-ին քահանայ կը ձեռնադրուի։

Քահանայական ձեռնադրութենէն ետք կը յաճախէ եկեղեցական կանոնագիտութեան մասնաճիւղը որուն աւարտական վկայականին կ՛արժանանայ 1963-ին ու անկէ ետք կը լուծուի դասաւանդութեան ու իր թեմին ժողովրդապետութիւններուն մէջ հովուական ծառայութեան։ Աւելի ուշ Ան ձեռք կը բերէ նաեւ Միլանի Սիրտ Յիսուսի կաթողիկէ համալսարանի իրաւաբանական մասնաճիւղի աւարտական վկայականը։

1976-ին կը կանչուի Սուրբ Աթոռ՝ ծառայելու համար Պետական Քարտուղարութեան մէջ։

10 դեկտեմբեր 1996-ին կը նշանակուի Սութրի թեմին տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս ու կը դառնայ  յատուկ պաշտօնով քահանայապետական պատուիրակ։ 6 Յունուար 1997-ին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը կ՛ընդունի ձեռամբ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին։ 23 Հոկտեմբեր 2004-ին կ՛անուանուի Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ «Քամերլենկօ»յի տեղապահ ու մաս կ՛առնէ 2005-ի Կարդինալական Վեհաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն, որոնց աւարտին Քահանայապետ կ՛ընտրուի Պենետիկտոս ԺԶ Պապը։

2010-ի «Քոնչիսթորոյի – կարդինալական ժողովի» ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ անոր կը շնորհէ կարդինալական տիտղոսը։

2013-ին կը մասնակցի Ֆրանչիսկոս Պապին ընտութեամբ պսակուած կարդինալական վեհաժողովին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2019, 09:04