Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ«խոստովանանքի խորհուրդի կնիքը անձեռնմխելի է։»

Խոստովանանքը կը կատարուի անհատի խղճին միջոցաւ որ կը բացուի Աստուծոյ շնորհքին՝ քահանայի միջնորդութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2019 թուականի մարտի 29ին, Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Առաքելական Ատեանի կողմէ կազմակերպուած դասընթացքի մասնակիցներուն տուած ունկնդրութեան մը առիթով շեշտած է թէ ներքին ատեանը սրբազան է եւ խոստովանանքի խորհուրդի կնիքը անձեռնմխելի։

Ներքին ատեանը սրբազան է, որովեհետւ ան Աստուծոյ եւ հաւատացեալի միջեւ գոյութիւն ունեցող մտերիմ տարածքն է։ Այս տարածքը, շեշտած է Սրբազան Պապը կը մնայ ներքին, եւ պէտք չէ դուրս տրուի։ Սրբազան Պապը յիշած է թէ պատասխանատու անձեր եկեղեցիէն ներս «կը շփոթեն ներքին եւ արտաքին ատեանները, զանոնք խառնելով իրարու»։Ան շեշտած է խոստովանանքի խորհուրդի կնիքի բացարձակ անձեռնմխելիութեան վրայ, որ անհրաժեշտ գրաւականն է խոստովանանքի խորհուրդին։

Խոստովանանքի խորհուրդը սրբազան է եւ Եկեղեցին զայն միշտ պահած է եւ պաշտպանած անոր կնիքի անձեռնմխելիութիւնը։ Խոստովանանքը կը կատարուի անհատի խղճին միջոցաւ որ կը բացուի Աստուծոյ շնորհքին՝ քահանայի միջնորդութեամբ։
Արդ Առաքելական Ատեանը հրապարակած փաստաթուղթին մէջ կրկին կը շեշտէ խոստովանանքի գաղտնիքի անգնահատելի արժէքը եւ խղճի եւ խոստովանանքի կնիքի անձեռնմխելիութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2019, 10:04