Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Ուրիշներու հանդէպ զօրակցութիւնը եւ ուշադրութիւնը երբեք պիտի չպակսի կ՚ըսէ Կարդինալ Փարոլին

Ծիրանաւորը յիշեցուցած է թէ «Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան նպատակները կարելի է ամփոփել խաղաղութեան նկրտումի եւ խթանումի մէջ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 29 յունիսին, Պազիլիքաթայի Փօթենցա քաղաքին մէջ, Avvenire լրագրի կազմակերպած հանդիսութեան աւարտին, Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցերու, արտայայտուած է Եկեղեցւոյ դիւանագիտութեան շուրջ։
Ծիրանաւորը յիշեցուցած է թէ «Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան նպատակները կարելի է ամփոփել խաղաղութեան նկրտումի եւ խթանումի մէջ»։

Կարդինալ Փարոլին ըսած է, թէ «Ֆրանչիսկոս Պապ դիւանագիտութեան հունին մէջ մուտք կը գործէ նկարագրական երեք իւրայատուկ կէտերով։ Նախ՝ Սրբազան Հայրը կը կոչ կ՚ուղղէ խնդիրները նկատի առնել ոչ թէ վերացական կերպով, այլ թանձրացեալ կերպով, միշտ աչքի առաջ ունենալով անհատներու՝ մանուկներու, ծերերու, լուսանցքի վրայ լքուածներու եւ բռնութեան զոհերու դիմագիծը։ Երկրորդ՝ արուարձաններու հետ կապուած խնդիրն է։ Նախապէս կը տիրէր Եւրոպայի վրայ կենդրոնացած տեսլական մը. Սրբազան Պապը կ՚աշխատի հայեացքը ուղղել դէպի տարբեր հեռանկար մը։ Արուարձաններն են որոնք կ՚օգնեն կենդրոնին՝ հասկնալու այսօրուան աշխարհի իրականութիւնը։ Երրորդ՝ նախաձեռնութեան հարցը. այսինքն չսահմանափակուիլ տագնապներու հակադարձելու ընթացքին մէջ, այլ կանխել տագնապները եւ գործել՝ նկատի առնելով մեր տրամադրութեան տակ գտնուած համեստ միջոցները»։
Կարդինալ Փարօլին յիշեցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապի տարւոյս յունիսի 13ին Նուիրակներու հետ ունեցած հանդիպումը, ուր Սրբազան Հայրը նկատած էր, թէ վատիկանեան դիւանագիտութիւնը կ՚աշխատի ըլլալ Աւետարանի դիւանագիտութիւն մը։ Ան նկատած է, թէ Սրբազան Պապը ուզած էր ուաշդրութեան յանձնել այն «տկարութիւնները», որոնք նուիրակներու պարտականութեան արդիւնաւէտութիւնը կը նուազեցնեն։

Կարդինալ Փարօլին անդրադարձած է, թէ Սրբազան Պապը բոլոր հարցերուն մէջ ուշադրութիւնը կ՚ուղղէ Աւետարանի պատճառած ուրախութեան. ան միշտ կը յիշեցնէ թէ Տէրը կը սիրէ մեզ։
Ան անդրադարձած է Չինաստանի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վիճակին, ուր արդէն բոլոր եպիսկոպոսները հաղորդակցութեան մէջ են Սրբազան Պապին հետ։ Ան յառաջդիմութիւն կը տեսնէ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Չինաստանի մէջ նախապէս Կաթողիկէ Եկեղեցին բաժնուած էր պետութեան հաւատարիմ եւ Սրբազան Պապի հետ միացած եպիսկոպոսներու միջեւ։
Կարդինալ Փարօլին արտայայտուած է նաեւ յուլիսի 4ին Սրբազան Պապի եւ նախագահ Փութինի միջեւ կայանալիք հանդիպումին շուրջ։ Ան ըսած է, թէ «Ռուսաստանի դաշնութեան նախագահը ինքզինք կը նկատէ հաւատացեալ մարդ, հետեւաբար կը կարծեմ թէ անՍրբազան Պապին մէջ կը ճանչնայ մարմնացումը այն արժէքներուն, որոնք կարեւոր կը նկատէ իր կեանքին մէջ։ Փարօլին նկատած է Ռուսաստանի տուած ուշադրութիւնը զանազան հարցերու, ինչպէս՝ քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, եւ քրիստոնէական արժէքներու տագնապը արեւմտեան հասարակութեան մէջ։ Հանդիպումը առիթ մը պիտի ըլլայ դիմագրաւելու այն հարցերը որոնք կը մտահոգեն Սուրբ Աթոռը, ինչպէս՝ Սուրիոյ վիճակը եւ հակամարտութիւնները Ուքրանիայի արեւելեան շրջաններուն մէջ։

Վերջապէս, Կարդինալ Փարօլին անդրադառնալով հրեաներու եւ պաղեստինցիներու երկխօսութեան, նկատած է, թէ Սուրբ Աթոռը իբր սկզբունք կ՚ընդունի ՄԱԿի կողմէ որդեգրուած «երկու ժողովուրդ – երկու պետութիւն» սկզբունքը, եւ շեշտած է, թէ խնդրի լուծման միակ ճանապրհն է ուղղակի երկխօսութիւնը հրեաներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ։ «Այդ երկխօսութիւնը կարելի է վերսկսիլ միայն այն պայմանով որ նուազագոյն փոխադարձ վստահութիւն ըլլայ երկու կողմերու միջեւ, ինչ որ այսօր կը պակսի»։
Կարդինալ Փարօլին անդրադարձած է նաեւ այլ հարցերու, նկարագրելով Սուրբ Աթոռի կեցուածքը իսլամներու հետ երկխօսութեան, Սրբազան Պապի առաքելական այցելութիւներու, ուրիշներու հանդէպ զօրակցութեան եւ ուշադրութեան, Եւրոպայի եւ գաղթականութեան, Ամազոնիայի սիւնհոդոսին եւ Վենեզուելայի կացութեան շուրջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2019, 10:54