Սուրիա Սուրիա 

Սուրբ Աթոռ . «Չէ կարելի մնալ խուլ անոնց աղաղակին դիմաց, որոնք չունին սնունդ եւ դեղորայք»:

Գերպ. Աուզա անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Պապի խոր մտահոգութեան՝ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած մադկային վիճակին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ Գերապայծառ Պեռնարտիթօ Աուզա, Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է ՄԱԿի Ապահովութեան Յանձնաժողովի բաց բանավէճին, ուր քննարկուած են Միջին Արեւելքի եւ պաղեստինցիներու խնդիրները։ Իր զեկոյցին մէջ Գերպ. Աուզա անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Պապի խոր մտահոգութեան՝ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած մադկային վիճակին։ Ան նաեւ մաղթած է որ հրեաներ եւ պաղեստինցիներ դառնան բանակցութեան։ Ապա նկատած թէ Եմենի խնդրով պէտք է ըլլալ հետեւողական։

Գերպ. Աուզա շեշտած է երկխօսութեան վրայ՝ ի սէր հանդուրժողականութեան մշակոյթի եւ խաղաղ համակեցութեան։ Երկխօսութեան ճանապարհը պիտի նուազեցնէ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ կենսոլորտային խնդիրները, որոնց բեռը կը ծանրանայ մարդկութեան մեծ մասին վրայ։

Պաղեստինցիներու հարցին առընչուելով, Գերպ. Աուզա անդրադարձած է Կազայի եւ Այսրյորդանանեան շրջանի մէջ բռնութեան աճին։ Ան նկատած է, թէ կողմերու միջեւ կայացած անվստահութեան կլիման «կրնայ արագօրէն փոխակերպուիլ բռնութեան արարքներու որոնք կը վտանգեն անմեղ պաղեստինցիներու եւ հրեաներու կեանքեր։» Հետեւաբար, Գերպ. Աուզա նկատել կու տայ որ յիշեալ հրապարակային բանավէճը պէտք է առաջնորդէ գործերու եւ չմնայ միայն խոչընդոտներու շուրջ կատարուած մեկնաբանութիւն։ Վերջապէս ան կը շեշտէ, թէ միջազգային հասարակութեան պարտականութիւնը UNRWAի (Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաեստինի Փախստականներու Օգնութեան եւ Աշխատանքներու Գործակալութիւն) կատարուած օժանդակութիւններու միջոցաւ պիտի ապահովեն պաղեստինցի գաղթականներու հիմնական ծառայութիւնները, եւ սակայն չեն կրնար փոխարինել բանակցող կողմերը։

Անդրադառնալով Սուրիոյ վիճակին, Գերպ. Աուզա նկատած է թէ վտանգ կայ որ ներկայ վիճակը առաջնորդէ մարդկային յորագոյն աղէտի։ Ան ըսած է. «չենք կրնար խուլ մնալ անոնց աղաղակին դիմաց, որոնք չունին կերակուր, բժշկական խնամք եւ հրահանգում. չենք կրնար մնալ խուլ որբերու, այրիներու եւ վիրաւորներու աղաղակին դիմաց»։ Ան յիշեցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապի մտահոգութիւնը, յատկապէս Իտլիպի հետ առընչուած մարդկային աղէտի նկատմամբ։

Խօսելով Եմենի հարցի մասին, Գերպ. Աուզա նկատած է, թէ իրավիճակը միշտ աւելի կը վատթարանայ։ Ամենէն կարիքաւորները զրկուած են սնունդէ եւ բժշկական խնամքէ։ 20 միլիոն անհատներ չունին սնունդի ապահովութիւն։ Այս բոլորի պատճառը 2014 թուականէն ի վեր տեղի ունեցող հակամարտութիւններն են։ Գերպ. Աուզա կը շեշտէ 15 յուլիսին ՄԱԿի կողմէ ընդունուած թիւ 2481 որոշումին վրայ, ուր նկատի առնուած էր զինադադար եւ մատակարարումներու մատչելիութիւն։ Ան միաժամանակ ցանկութիւն յայտնած է հետեւողական ըլլալ, հարց տալով թէ «ի՛նչպէս կարելի է պերճախօս կոչեր բարձրացնել Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի նպաստ եւ նոյնիսկ յանձնառու ըլլալ մարդասիրական օժանդակութիւններ կատարելու, եւ միաժամանակ շարունակելով թոյլ տալ զէնքերու վաճառքը տարածաշրջանին մէջ։»

Վերջապէս Գերպ. Աուզա ակնարկը ուղղած է Իրաքի, որ որոշ չափով կը յուսադրէ թէ ընթացք մը կայ դէպի հաշտութիւն եւ վերակառուցում։ Ան կը մաղթէ, որ միջազգային հասարակութիւնը շարունակէ փնտռել խաղաղ լուծումներ այժմէական տագնապներու՝ Ծոցի տարածաշրջանին մէջ, եւ չիյնայ թշնամութիւններու մէջ, պայմանաւորուած տարածաշրջանային ոյժերու հակամարտութիւններու վերարծարծումով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2019, 13:15