Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. «մեր պարտականութիւնն է միշտ պահպանել կեանքը։»

«Յիսուս Մանուկ» մանկական հիւանդանոցը, որ կը բոլորէ իր հաստատութեան 150 տարին, 10 երկիրներու մէջ իրականացուցած է ծրագիրներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի «Յիսուս Մանուկ» մանկական հիւանդանոցը ներկայացուցած է 2018 թուականի առողջապահական, գիտական եւ ընկերային գործունէութեան հաշուեկշիռը, ներկայութեամբ Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկայացումի բացումը կատարած է տնօրէն Մարիելլա Էնոք, որմէ ետք կարդինալ Փարոլին տուած է զեկոյց մը։ Անդրադառնալով հաշուեկշիռին, ան դրուատած է կատարուած աշխատանքը։

«Յիսուս Մանուկ» մանկական հիւանդանոցը, որ կը բոլորէ իր հաստատութեան 150 տարին, 10 երկիրներու մէջ իրականացուցած է ծրագիրներ։ Կարդինալ Փարոլին կոչ ուղղեց որ հիւանդանոցը կանգ չառնէ այստեղ այլ կարեւոր նկատեց «որ անոնց լարումը դէպի աւելի գերազանցը չմարի։ Պէտք չէ երբեք մոռնալ որ ձեռք բերուած յաջողութիւններու արժէքը կը չափուի խնամքի եւ օգնութեան որակը բարելաւելու կարողութեան մէջ։ Մանուկները, պատանիները եւ անոնց ընտանիքները սիրտն են իւրաքանչիւր գործունէութեան, ամէն գործընթացի, ամէն նախաձեռնութեան եւ այդպէս ալ պէտք է մնան։»

Ծիրանաւորը կոչ ուղղեց գերազանցել «բաժանումներու եւ գլխաւոր դերակատարի ըլլալու վտանգը»։ Ան յորդորեց, որ իւրաքանչիւրը պէտք է կատարէ իր դերը «գիտակցութեամբ եւ համեստութեամբ»։ Ապա յիշելով Ալֆի Իւանսի եւ Շարլի Կարտի դէպքերը, ան նկատեց, թէ «պարտականութիւնն ունինք հաստատելու թէ կան անբուժելի հիւանդութիւններ, սակայն գոյութիւն չունին հիւանդութիւններ որոնք չէ կարելի խնամել։ Որովհետեւ խնամել չի նշանակել միայն բուժել, այլ ընկերանալ եւ պահպանել։ Ինչպէս Սրբազան Պապը յայտարարած էր, միջամտելով յիշեալ ցաւալի դէպքին. ʼԱստուած միակ տէրն է կեանքի՝ սկիզբէն մինչեւ բնական աւարտը. մեր պարտականութիւնն է միշտ պահպանել կեանքըʼ։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2019, 11:04