Որոնել

Կարդինալ Խոզէ Մանուէլ Էսթեփա Լաուրենս Կարդինալ Խոզէ Մանուէլ Էսթեփա Լաուրենս  

Ոչ եւս է Սպանացի Կարդինալ Էսթեփա Լաուրենսը

2010 թուականին Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը անոր շնորհած է կարդինալական աստիճան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կարդինալ Խոզէ Մանուէլ Էսթեփա Լաուրենս մահացած է կիրակի, 21 յուլիսին, 93ամեայ հասակին մէջ։ Ծիրանաւորը եղած է Սպանիոյ զինուորական թեմի առաջին եպիսկոպոսը։ Ան անդամ եղած է 1992թուականին հրապարակուած Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի խմբագրական կազմին։ Իր այդ հանգամանքով մօտէն ընկերակցած է այդ ժամանակի Հաւատոյ Տարածման Ժողովի ղեկաւար Կարդինալ Ռացցինկերի։ Կարդինալ Էսթեփայի մահով, ծիրանաւորներու թիւը կը մնայ 218, որոնցմէ 120 իրաւունք ունին մասնակցելու պապընտիր ժողովի մը։

Կարդինալ Էսթէփա ծնած է 1926ին Անտուխարի մէջ. փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները կատարած է Հռոմի, Սալամանքայի եւ Փարիզի համալսարաններու մէջ։ Քահանայ օծուած է 1954ին։ 1972 թուականին, Պօղոս Զ. Պապը զայն անուանած է Մատրիտի օգնական եպիսկոպոս։ 1983ին եղած է փոխանորդ Սպանիոյ զինուորական թեմին եւ 1986ին՝ արքեպիսկոպոս զինուորական թեմին։

1977 եւ 1991 թուականներուն Կարդինալ Էսթեփա մասնակցած է Հռոմի մէջ կայացած եպիսկոպոսական մեծ սիւնհոդոսներուն։ 2010 թուականին Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը անոր շնորհած է կարդինալական աստիճան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2019, 11:10