Ծովու միջազգային օր Ծովու միջազգային օր 

Կարդինալ Թուրքսոն. «Պաշտպանել ծովայիններուն մարդկային բոլոր իրաւունքները»:

Ծովայինները ամէն օր ծովուն մէջ նաւարկելով կը փոխադրեն երկրի մը ապրանքներու 90 տոսկոսը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 14 յուլիսին նշուեցաւ ծովու համաշխարհային օրը:
Այդ օրը աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հաւատացեալները աղօթեցին ծովայիններուն եւ ձկնորսներուն համար:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ, քահանայապետական թուիթրեան կայքին վրայ հրապարակած թուիթով մը, իր աղօթքը ապահովեցուց ծովայիններուն ու անոնց ընտանիքներուն համար, հրաւիրեց ամէն ջանք թափել պաշտպանելու համար ծովայիններուն մարդկային իրաւունքները , դատապարտելով որեւէ անարդար արարք: Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ գործենք նոր մարդկայնական աշխատանքին ի սպաս զարգացնելով մարդու համար արժանավայել եւ յարգալիր աշխատանք, որ չնայիր միայն շահին,  այլ նկատի կ՝առնէ մարդու կեանքի արժանապատուութիւնը:

Մինչ՝ Սուրբ Աթոռի Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, ծովու համաշխարհային օրուան առթիւ յղած պատգամին մէջ շեշտը դրած է ծովայիններուն եւ ձկնորսներուն դերակատարութեա վրայ նկատելով զայն էական բոլորիս կեանքիս համար:

Ան խնդրած է հաւատացեալներէ որ յիշեն եւ աղօթեն աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն ծովայիններուն համար, որոնք ամէն օր նաւարկելով ովկիանոսի ծովերուն մէջ կը փոխադրեն երկրի մը ապրանքներու 90 տոկոսը:
Կարդինալ Թուրքսոն ապա դիտել կու տայ որ ծովայիններուն կեանքը դիւրին չէ, այնպէս ինչպէս կը թուի: Ծովայիններուն, ձկնորսներուն կեանքը լի է մարտահրաւէրներով ու դժուարութիւններով : գրած է ծիրանաւորը ապա խստիւ դատապարտած աշխատանքային պայմանագրերու անկանոնութիւնները , ամսականներուն վճարումներուն ուշացումը- եւ ծովայիններուն վրայ բանեցուած ճնշումները որոնք ծանր հետեւանք ունի անոնց առողջապահութեան վրայ:

Կարդինալ Թուրքսոն պատգամը եզրափակած է կոչ ուղղելով միջազգային կազմակերպութիւններուն, ծովայիններուն կառավարական իշխանութիւններուն որպէսզի ամէն ջանք թափեն, պաշտպանելու եւ պահպանելու համար ծովու մէջ աշխատաւորներուն իրաւունքները: Ան ապա քաջալերած  է Stella Maris Ծովու առաքելութեան մաս կազմող մատրանապետներն ու կամաւորներըորպէսզին իրենց հովուական ծառայութեան ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեն ծովայիններուն եւ ձկնորսներուն, հոգալով անոնց հոգեւոր բոլոր կարիքները:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2019, 11:59