Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արքեպիսկոպոս Չեւչուք Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արքեպիսկոպոս Չեւչուք 

Գերապայծառ Չեւչուք «Ֆրանչիսոկս Պապ իր ուսերուն վրայ կը կրէ Ուքրանիոյ ժողովուրդի վիշտը»:

Արծարծուած նիւթերու առաջնակարգ տեղ գտած է Ուքրանիոյ մէջ մարդկային իրավիճակը յատուկէն հակամարտութեան թիրախ դարձած մանուկներուն ցաւալի կացութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քիեւի Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Գերապայծառ  Չիւչուք, Վատիկանի Ռատիոյ կայանի դահլիճէն ներս լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ,   5-էն - 6 յուլիսին , Վատիկանի մէջ կայացած ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ուքրանիոյ  Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ մնայուն սինոդի անդամներուն եւ մետրոպոլիտներուն,  երկօրեայ հանդիպումին  ընթացքին շօշափուած նիւթերուն:   

Գերապայծառ Չեւչուքի փոխանցմամբ Արծարծուած նիւթերու առաջնակարգ տեղ գտած է Ուքրանիոյ մէջ մարդկային իրավիճակը յատուկէն հակամարտութեան թիրախ դարձած մանուկներուն ցաւալի կացութիւնը

Գերապայծառ Չեւչուք  յայտնեց,  թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ուզած է իր ուսերուն վրայ կրել Ուքրանիոյ բնակչութեան վիշտն ու տառապանքը,  նկատել տալով ,  որ  Նորին Սրբութեան հետ հանդիպումը  եղած   է ունկնդրութեան եւ խոկումի պահ մը  ինչպէս նաեւ շնորհքի առիթ ուր ֆրանչիոկոս Պապ իր հայրական խրատները փոխանցած է Ուքրանիոյ  Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ  զարգացման եւ աճումի ի խնդիր:

Քիեւի Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս նշեց,  որ հանդիպումի առաջին օրը, Ֆրանչիսոկոս Պապին  հրաւէր փոխանցած են  Ուքրանիա  այցելելու,   այն յոյսով որ Ուքրանիոյ մէջ քաղաքական  իրավիճակը հանդարտի:  Սրբազան Հայրը հրաւէրին համար պատասխանած է,  որ այժմ կ՝ուզէ անոր մասին քիչ մը մտածել:

Արքեպիսկոպոս Չիւչուք ընդհանուր ակնարկ կատարելով Ուքրանիոյ մէջ քաղաքական ներկայ իրավիճակին, յայտնեց թէ Ուքրանիան այժմ կ՝ապրի պատերազմի հետեւանքները, որմէ ամէն շատ վնաս կրած են մանուկները եւ որոնց պատճառով մինչեւ այսօր արձանագրուած են 13 հազար մեռեալ եւ 30 հազար վիրաւոր:

Ան ապա իր մտահոգութիւն յայտնեց Ուքրանիոյ մէջ մօտիկ ապագային կենսոլորտային աղէտի մը առումով այն պատճառով որ Ուքրանիոյ մէջ աւելի քան 4 միլիոն մարդիկ զրկուած են  խմելիք ջուրէն:  

Գերապայծառ Չիւչուք անդրադարձաւ  Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ մէջ ծաւալած  մարդասիրական գործունէութեան,  որոնց շարքին «Պապը Ուքրանիոյ ի սպաս» ծրագիրը  որուն միջոցաւ խնամք կը տարուի դժուարութեան մատնուող մարդոց անխտիր:

Ան անդրադարձաւ նաեւ  Հռոմի Մանուկ Յիսուս  բուժարանի եւ Ռուսիոյ դաշնութեան մանկաբուժարաններու միջեւ անցեալ շաբաթ կնքուած համագործակցութեան համաձայնագիրին՝ որ զուգադիպեցաւ Վատիկանի մէջ կայացած  ֆրանչիսկոս Պապին  եւ  Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ  կայացած այցելութեան:

Ի Վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ուքրանիոյ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերականներու միջեւ կայացած հանդիպումին  շօշափուած են  համամիութենականութեան առնչուող  նիւթեր, որ ըստ պաշտօնական տուեալներուն,   Ուքրանիոյ բնակչութեան 71 տոկոսը կը պատկանին  Ուղղափառ եկեղեցւոյ մինչ 14,1 տոկոսը կաթողիկէ եկեղեցւոյ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2019, 12:06