Որոնել

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակ 

Սուրբ Աթոռը կը հրաժարի Ֆրանսայի մօտ առաքելական նուիրակի իրաւական անձեռնմխելիութեան իրաւունքէն։

Որոշումը արտակարգ է ու կը համապատասխանէ Վենթիուրա նուիրակի կամքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով  Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի հաղորդած է հետեւեալը.

«Կարող եմ հաստատել որ Սուրբ Աթոռը կը հրաժարի Ֆրանսայի մօտ առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Լուիճի Վենթուրայի իրաւական անձեռնմխելիութեան իրաւունքէն, ի տես անոր դէմ յարուցուած քրէական գործընթացին»։

Ունկնդրէ լուրը

Արդարեւ Գերապայծառ Վենթուրայի դէմ չորս անձինք մեղադրանք յառաջացուցած են «բռնամոլութեան» յանցանքով։

Տիար Ճիզոթթի կը հաստատէ ապա թէ «այս որոշումը արտակարգ է ու կը համապատասխանէ նուիրակի կամքին, որ ի սկզբանէ  իր ամենայն պատրաստակամութիւնը յայտնած էր համագործակցելու համար Ֆրանսական Դատական իշխանութիւններուն հետ»։

«Սուրբ Աթոռը նախ քան այս որոշումը կայացնելը, սպասած էր որ իր աւարտին հասնէր ընթացակարգի  նախնական  փուլի եզրակացութիւնը, որ Սուրբ Աթոռին փոխանցուեցաւ Յունիսի աւարտին, եւ որուն իր ազատ մասնակցութիւնը բերած էր գերապայծառ Վենթուրան» կը յիշուի Ճիզոթթիին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր կը նշուի նաեւ որ «Սուրբ Աթոռի սոյն որոշումը անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն փոխանցուեցաւ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2019, 08:21