Ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկներ Ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկներ 

Ամազոնիա – Սիւնհոդոս։ Կարդինալ Պարրեթօ «Որպէս Եկեղեցի կ՛ուզենք ապրիլ հանդիպումի մշակոյթը»։

Ծիրանաւորը դիտել կու տայ որ «Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը այդ հողամասին մէջ արտայայտութիւն է այնտեղ բնակող ժողովուրդներու ու հասարակութիւններու կեանքի ուղեկցութեան»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

6 – 27 Հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարուելիք Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը «կ՛ուզէ սատարել համապարփակ բնապահպանութեան ու Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան նոր ընթացքներու»։ «Անոր նպատակն է ստեղծել պայմաններ որ Ամազոնեան տարածուն շրջանի մէջ ապրող ժողովուրդներուն  թոյլ տան ապրելու արժանավայել կեանք ու ապագային նային վստահութեամբ»։ Այս է մտածումը Հուանքաոյի Արքեպիսկոպոս եւ Համա-ամազոնեան ցանցի (ՌԵՓԱՄ) փոխ նախագահ Կարդինալ Փետրօ Պարրեթոյի, որ պարունակուած է անոր Յիսուսեաններու  «Չիվիլթա Քաթթոլիքա» պարբերաթերթի մէջ հրապարակած «Ամազոնեայի սիւնհոդոսը ու մարդկային իրաւունքները» տիտղոսով յօդուածին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը դիտել կու տայ որ «Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը այդ հողամասին մէջ արտայայտութիւն է այնտեղ բնակող ժողովուրդներու ու հասարակութիւններու կեանքի ուղեկցութեան»։ «Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը կարելի չէ նկատել որպէս սպառնալիք Երկիրներու գերիշխանութեան ու կայունութեան» կը հաստատէ Կարդինալ Պարրեթօ այդ ներկայութիւնը նկատելով որպէս «պրիսմակ» որ առիթ կ՛ըծայէ ի յայտ դնելու տագնապալից ու հրատապ հարցերու դիմաց Պետութիւններու պատասխաններուն դիւրաբեկ կէտերը։

Կարդինալ Պարրեթօ հուսկ նկատել կու տայ որ Ամազոնեան տարածաշրջանը վայր է ուր բազմաթիւ մշակոյթներու գոյութիւնը սպառնալիքի տակ է ու անոր սպառնացողը յաճախ տնտեսական շահերն են։

Ան կը գրէ «Հարկաւոր է ուշադրութիւն յատկացնել բնիկ ժողովուրդներուն ու անոնց մշակութային աւանդութիւններուն, անոնց համար հողը տնտեսական բարիք մը չէ այլ պարգեւ տրուած Աստուծմէ ու անոնց նախահայրերէն որ կը հանգչին այդ հողին վրայ, սուրբ տարածք մը՝ որուն հետ կարիքը ունին  շփուելու, սնուցելու համար իրենց ինքնութիւնն ու իրենց արժէքները»։

«Աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ սակայն անոնք ճնշումներու ենթարկուած են, որպէսզի թողուն իրենց հողերը ու հեռանան, ի նպաստ այդ հողերու ու տարածքներու շահագործումին» դիտել կու տայ միշտ Կարդինալ Պարրեթօ «Չիվիլթա Քաթթոլիքա» պարբերաթերթին մէջ հրատարակած իր յօդուածին մէջ, կոչ ուղղելով բոլոր Պետութիւններուն յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններուն ու այդ առումով մշակելու պատշաճ ծրագիրներ դիմագրաւելու համար կլիմայական տագնապը։

Կարդինալ Պարրեթօ կը նշէ ապա թէ Ամազոնեան տարածաշրջանին մաս կը կազմեն ինը երկիրներ՝ Պոլիվիան, Պրազիլը, Քոլոմպիան, Էքուատորը, Կիյանան, Փերուն , Սուրինամէն, Վենեզուելլան ու Ֆրանսական Կինէան ու թէ Ամազոնեան մակերեսը ունի 7.5 միլիոն քմ քառակուսի տարածք, մինչ աշխարհի անուշ ջուրի 20 առ հարիւրը կը գտնուի այդ շրջանին մէջ ու մոլորակի անտառներուն 34 առ հարիւրը մաս կը կազմէ Ամազոնեան տարածքին։  Այնտեղ կ՛ապրին 33 միլիոն անհատներ, որոնց 2 միլիոն 800 հազարը բնիկներ են։

Եկեղեցին հետեւելով Աւետարանի պատուէրին կ՛ընկերակցի աղքատ ժողովուրդի քայլերուն եւ որպէս Եկեղեցի բնիկ ժողովուրդներուն հետ կ՛ուզենք ապրիլ հանդիպումի մշակոյթը։ Հանդիպումի մշակոյթ  գետերու ափերուն ապրող հասարակութիւններուն հետ, փոքրիկ հողագործներուն հետ, քաղաքներու մէջ ապրողներուն հետ ու հաւատքի հասարակութեան հետ» կը հաստատէ Կարդինալ  Փետրօ Պարրեթօ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2019, 08:30