Պայքար մանուկներու չարաշահումի ընդէմ Պայքար մանուկներու չարաշահումի ընդէմ 

Ընթացակարգ Վատիկանի մէջ սեռային չարաշահումի մեղադրանքներու եւ տեղեկագիրներուն համար:

նախաձեռնութիւնը արդիւնք է Ֆրանչիսկոս Պապի անչափահասներուն եւ խոցելի անձերու պաշտպանութեան ի խդնիր ինքագիր նամակով որդեգրած օրէնքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Օսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, մինչեւ տարւոյս վերջաւորութեան, Հռոմի Աթոռակալ թեմին մէջ պիտի հաստատուի մնայուն եւ դիւրին հասանելի հանրային համակարգ մը ներկայացնելու համար  անչափահասներու եւ խոցելի անձերուն դէմ սեռային չարաշահումի հետ աղերս ունեցող ոճիրներուն եւ անփութութիւններուն  հայող տեղեկագիրները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին հաղորդեց Վատիկանի քաղաքի տեղակալ, կարդինալ Անճելօ Քոմասթրին, Վատիկանի բոլոր ժողովներու պատասխանատուներուն  յղած նամակով մը, ուր  պարունակուած էսեռային չարաշահումի մեղադրանքներու մասին տեղեկագիրներ հաղորդելու ընթացակարգը:

Յայտնենք, թէ վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը արդիւնք է Ֆրանչիսկոս Պապի  անչափահասներուն եւ խոցելի անձերու պաշտպանութեան  ի խնդիր ինքագիր նամակով որդեգրած օրէնքին, որ  ի զօրու է  1 յունիս 2019-էն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2019, 09:26