«Կենտերի» վերաբերեալ Վատիկանեան փաստաթուղթ «Կենտերի» վերաբերեալ Վատիկանեան փաստաթուղթ 

«Գենդերի» վերաբերեալ Վատիկանեան փաստաթուղթ. Այո՛ ուսումնասիրութիւններու հայող երկխօսութեան, ո՛չ գաղափարախօսութեան։

«Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք» Փաստաթուղթին նպատակն է ըլլալ գործիք մը՝ դիմագրաւելու համար մարդկային սեռականութեան մասին բանավէճերն ու մարտահրաւէրներըը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 10 Յունիսին լոյս տեսաւ «Արու եւ Էգ ստեղծեց զանոնք» խորագիրով «Գենդերի» գաղափարախօսութեան  մասին Վատիկանեան փաստաթուղթ մը որ կը կրէ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան բաժանմունքի կառավարիչ՝ Կարդինալ Ճուզեփփէ Վերսալտիի ու նոյն բաժանմունքի քարտուղար՝ գերապայծառ Վինչենցօ Զանիի ստորագրութիւնները։

Ունկնդրէ լուրը

«Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»  Փաստաթուղթին  նպատակն է ըլլալ գործիք մը՝  դիմագրաւելու  համար մարդկային սեռականութեան մասին բանավէճերն ու մարտահրաւէրները որոնք յառաջ կու գան Գենդերի գաղափարախօսութենէն։

Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովը փաստաթուղթին մէջ կը խօսի «կրթական արտակարգ իրավիճակի» տագնապի մասին, մասնաւորապէս հայող  «զգացումներու  եւ սեռականութեան հարցերու» ի տես «գաղափարախօսութեան մը տարբեր ձեւերու» մարտահրաւէրին  որ ընդհանրապէս կոչուած է «Գենդեր» եւ որ կը ժխտէ մարդու ու կնոջ միջեւ տարբերութիւններն ու փոխադարձութիւնը որ կը նկատուին պատմամշակութային պայմանաւորուածութեան պարզ հետեւանքները։

«Մարդաբանական ապակողմնաւորուածութիւն» որ կը յատկանշէ մեր ժամանակներու եղանակը եւ կը նպաստէ ընտանիքի քայքայումին։ Գաղափարախօսութիւն մը որ կը մղէ որդեգրել կրթական ծրագիրներ եւ օրէնսդրական ուղենիշներ, որոնք կը խթանան անձնական ինքնութիւն մը ու զգացմունքային մտերմութիւն մը որ կախեալ չէ արական եւ կանանց միջեւ կենսաբանական բազմազանութիւններէն։

Ահա այս ոլորտի ներքոյ է որ կը տեղադրուի Փաստաթուղթը որը կը ցանկայ խթանել «մեթոդաբանութիւն մը հիմնուած երեք վերաբերմունքներու վրայ՝ ունկնդրել, պատճառաբանել. եւ առաջարկել»։

Խօսելով Փաստաթուղթի մասին Կարդինալ Վերսալտի հաստատեց թէ «Գենդերի գաղափառախօսութեան հարցին դիմաց մենք պէտք է դիմենք երկխօսութեան ուղիին։ Այս մէկը կ՛ընենք մեկնելով մեր ինքնութենէն ու գիտնալով հաւատքէն  բխած լոյսը թարգմանել պատճառաբանութիւններու, որովհետեւ մեծ շփոթութիւն յառաջացած է  ու դպրոցներուն մէջ վտանգը կայ որ այդ  «միակ գաղափարը» պարտադրուի որպէս գիտական։

«Մենք կը յարգենք բոլորը, սակայն յարգանք ալ կը պահանջենք» ըսաւ Կարդինալ Վերսալտի դիտել տալով որ փաստաթուղթը «վարդապետական» փաստաթուղթ մը չէ այլ մեթոդաբանական է ու անոր մէջ զանազանութիւն կը դրուի Գենդերի մասին ուսումնասիրութիւններու ու  Գենդերի գաղափարախօսութեան միջեւ։ «Առաջինը ընդունելի է, երկրորդը՝ մերժելի»  ըսաւ Կարդինալ Վերսալտի։ Ան ապա նկատել տուաւ որ  Գենդերի տեսութեամբ  սեռական ինքնութիւնը եւ հետեւաբար ընտանիքը կը դառնան «հեղուկ», «հոսուն», հիմնուած «ժամանակային» փափաքին վրայ քան թէ բնական ու էութեան ճշմարտութեան վրայ։  Ան կ՛ուզէ ջնջել սեռային տարբերութիւնը  զայն դարձնելով անիմաստ՝ մարդ անհատի աճումին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2019, 08:00